ՀԱՅ ՏՊԱԳԻՐ ՄԱՄՈՒԼԻՆ ՏԱԳՆԱՊԸ
ՎԱՐՈՒԺ ԹԷՆՊԷԼԵԱՆ
Տպագիր հայ մամուլը կ՚ապրի տագնապ մը, եւ այդ տագնապին մէկ կարեւոր պատճառը թերեւս նոյնինքն արդիականութեան եւ անցեալէն ժառանգուած իտէալականութեան բախումն է, յաճախ մէկը միւսին զոհելու մօտեցումին կամ անդիմագիծ ներդաշնակումի փորձերուն հետեւանքով։
Նախ պէտք է նշել, որ տպագիր մամուլի տագնապը համաշխարհային տագնապ է յատկապէս համացանցի զարգացումէն ետք մամուլի թուայնացումին եւ բոլորին մատչելի դարձած լրատու կայքէջերուն (որակաւոր, անորակ եւ երբեմն զուտ բամբասանքային տարբերակներով) անհամեմատ տարածումին պատճառով: