ԲԱՅՑ
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
«Ես սեւ եմ, բայց գեղեցիկ» (ԵՐԳ ԵՐԳՈՑ 1: 5): Ինչո՞ւ «ԲԱՅՑ» եւ ոչ թէ «ԵՒ»: Անցնինք:
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
«Ես սեւ եմ, բայց գեղեցիկ» (ԵՐԳ ԵՐԳՈՑ 1: 5): Ինչո՞ւ «ԲԱՅՑ» եւ ոչ թէ «ԵՒ»: Անցնինք:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Երեկոյ է: Բնութեան այս ժամերու անբարբառ մեղեդին ունկնդրելու պահը: Վերջալոյսի մը ականատեսը ըլլալու պահը:
Վերջալոյս, ուր վերջ կը գտնէ օր մը, մութ շղարշով կը պատուի եւ որպէս ապրուած օրուան մը հաւաստիք կը դրոշմուին պահերը անհատին անցեալի տետրէն էջ մըն ալ լեցնելով:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
2019-ին ամբողջացաւ հայ ժողովուրդի մեծագոյն զաւակներէն մէկուն՝ Կոմիտաս Վարդապետին ծննդեան 150-ամեակը: Թէ՛ Հայաստանի եւ թէ սփիւռքի մէջ տարբեր ու բազմաթիւ ձեռնարկներով ու ծրագիրներով նշուեցաւ Մեծ Վարպետին ծննդեան 150-ամեակը:
ԵՐԱՄ
... եւ տեսածը ցնցեր, հմայեր, հարուածեր էր զինք. սառ կտրեր էր Զանան։
Կիսադէմ գեղեցկութիւն մը ապշահարեր էր զինք։ Անհասկնալի, անբացատրելի զգացում մը բռնկեր էր Զանայի մէջ, կեանքին մէջ առաջին անգամ ըլլալով։
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Եւ վա՜յ կ՚ըսեմ որովայնամոլ ֆռանկներու ազգին, որ բոլոր պահքերը անխտիր ձուկով կը լուծեն, որոնց աստուածը իրենց որովայնն է եւ ձեռքը՝ մեղքերուն ամօթը ու պատճառ կը դառնան մեղքերու պատճառներու՝ անօրէնութիւններ գործողները:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Ակնկալելի էր, որ արտակարգ դրութենէն դէպի կեանքի բնականոն հուն վերադարձին համընթաց վերստին աշխուժանային բողոքի գործողութիւնները: Համակողմանիօրէն կայ գիտակցութիւն, որ Լիբանանի պարագային ի տարբերութիւն աշխարհը հարուածած պսակաձեւ ժահրին ստեղծած համատարած իրավիճակներուն, խնդիրը ըստ էութեան այլ բնոյթ ունի եւ ժահրին ստեղծած տագնապէն շատ աւելի առաջ ձեւ ու մարմին ստացած էր արդէն:
Յ.ՊԱԼԵԱՆ
Ո՞ւր կը սկսի եւ ո՞ւր կանգ կ՚առնէ ժողովրդավարութիւնը: «Ձայն բազմաց ձայն Աստուծոյ» դասական տարազը ըսողը եւ լսողը հարց կու տա՞ն, թէ՝ «բազմաց չեղողներու ձայնը» ինչպէ՞ս պէտք է որակել, հետեւութեամբ առաջին հաստատման:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Moderna Inc. ընկերութեան համահիմնադիր՝ ամերիկահայ գործարար ու բարերարի կանխատեսումներով, երկրագունդի բնակիչ քանի մը միլիառ մարդոց համար բաւարար պիտի չըլլայ քորոնաժահրի դէմ պատուաստի միայն մէկ տարբերակը։ Ուստի ան յաջողութիւն կը մաղթէ այդ գիւտը կատարելու ուղղեալ բոլոր նախաձեռնութիւններուն:
Նուպար Աֆէեան. «Համաճարակը նոր կանոններ պիտի բերէ եւ, անշուշտ, աւելի վերջ բոլորս շատ ընելիքներ պիտի ունենանք։ Առողջական անվտանգութիւնը պիտի ըլլայ այս շարքին»:
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Եթէ Ուիլիըմ Շէյքսփիր մեր օրերուն ապրէր, հաւանաբար իր տիպարներէն մէկուն բերնին մէջ պիտի դնէր հետեւեալ խօսքը. «Նեխած բան մը կայ Սպիտակ տան թագաւորութեան մէջ…»:
Իսկապէ՛ս որ, ինչպէ՞ս կարելի է ըմբռնել այն դիպաշարը, որ կայծ առաւ 25 մայիսին, Մինեսոթայի գլխաւոր քաղաք՝ Մինիափոլիսի Փաուտըրհորն թաղամասին մէջ, ոստիկաններու կողմէ սեւամորթի մը՝ Ճորճ Ֆլոյտի սպանութեամբ:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Ամուսնութեան աւանդական հասկացողութիւնը այն է, թէ այդ տեղի կ՚ունենայ այր մարդու մը եւ կնկայ մը միջեւ։ Սակայն 21-երորդ դարը մեծ յեղաշրջում մը յառաջացուց այդ ըմբռնումին նկատմամբ՝ երբ շարք մը երկիրներ թոյլատրեցին միասեռական ամուսնութիւնը։