ՆՈՐ ՕՐԵՐՈՒ ՄԵՐ ՀԵՐՈՍՆԵՐԸ
ԶԱՐՄԻՆԷ ՊՕՂՈՍԵԱՆ
Դուք ծանօ՞թ էք այս անուններուն։ Արուսեակ Մարգարեան, Արմինէ Պապիկեան, Քաթրինա Շաքարեան, Կարէն եւ Արամ Սփենճեան եղբայրներ…
ԶԱՐՄԻՆԷ ՊՕՂՈՍԵԱՆ
Դուք ծանօ՞թ էք այս անուններուն։ Արուսեակ Մարգարեան, Արմինէ Պապիկեան, Քաթրինա Շաքարեան, Կարէն եւ Արամ Սփենճեան եղբայրներ…
ՍԱՄՈՒԷԼ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Հայ երաժշտական արուեստի խոշորագոյն դէմքերէն մէկն է Թաթուլ Ալթունեան՝ ազգային մշակոյթին, անոր զարգացման բերած իր նպաստով: Անուն մը, որ սերտօրէն կապուած է հայ երգի հետ, հարազատ ու մօտիկ ամէն մէկ հայու սրտին հայրենիքի թէ արտերկրի մէջ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Պատերազմները կը փոխուին. այդ փոփոխութիւնները առընչուած չեն պատերազմներու աշխարհագրական դիրքերով կամ մարտերուն ընթացքին օգտագործուած զէնքերու տարբերութեամբ, այլ կան շատ աւելի խորքային պատճառներ, որոնք կապուած են պատերազմին մասնակցող երկու կամ երեք կողմերու շահերու փոխկապակցութեամբ կամ հակառակը տարաձայնութիւններով, նոյնիսկ մինչեւ պատերազմը վարելու քաղաքականութեամբ։
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Այն պահուն, երբ քորոնաժահրի համաճարակը իր զանազան ձեւերով կը ձգձգուի, կը քաշքշուի, մեկուսացումը իր բոլոր անպատեհութիւններով կը տնտնայ, դուք վստահաբար կը ձանձրանաք եւ ատիկա կրնայ վատ ըլլալ: Ըստ վերջերս «Պի. Պի. Սի.»ի կայքին մէջ տպուած յօդուածի մը, դրամին միւս երեսն ալ կայ…
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Մեր տան մէջ ուրուականներու պատմութիւն,
Որոնցմէ մեր շրթները կը յիշեն,
Կը պահեն զանոնք գութանն ու մառանը:
Հոն մեր հեռաւորութիւնները լուսաւորուեցան,
Հոն երազեցինք անորոշութիւնները:
Կ՚ոստոստէինք մոլորակէ մոլորակ,
Կը թռչէինք սերունդէ սերունդ:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներու անկախութեան 245-րդ տարեդարձը մեծ շուքով տօնուեցաւ այս տարի, յուլիս ամսուան 4-ին։ Մի քանի ակնառու երեւոյթներ ակնյայտ են այս տարեդարձին կապակցութեամբ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
-Եառոնտա. ուղղափառ մարդ մը հինտուզներուն հետ ընկեացաւ ու յետոյ զղջաց. վերստին կ՚ընդունուի՞ Ուղղափառ Եկեղեցիէն:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանանի մէջ գերակշռող կը մնայ տնտեսական տագնապը. տագնապ, որ իր քղանցքին տակ առած է երկրի ամենատարբեր ոլորտները։ Այդ ոլորտներու կարգին կարեւոր տեղ ունի կրթականը, որ տնտեսական տագնապին զուգահեռ մեծ հարուածներ ստացաւ քորոնաժահրի համավարակին պատճառով։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Այդ օրերուն ապրիլ ամիսը նոր սկսած էր դառնալ ապրող ներկայութիւն եւ միւս կողմէ ալ քորոնաժահրը կամաց-կամաց նահանջի ճամբան բռնած ըլլալով, ամէն բան դանդաղօրէն սովորական սկսած էր դառնալ: Ահա քեզի կեանքի նոր էջ:
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեկնութիւն. եւ գիտելի է, թէ չորս նշանակութիւն ունի Ղազարոսի քակուիլն ու արձակումը:
Առաջին. կը նշանակէր Ադամը դժոխքի կապանքներէն արձակել՝ Քրիստոսի գալուստով, որովհետեւ Ղազարոս Ադամի դէմքն ու բնութիւնը ունէր, ինչպէս ցոյց տրուեցաւ խօսքին մէջ, որ ըսուեցաւ. «Հիւանդ մէկը կար, Ղազարոս անունով» (Յհ 11.1):