ՄԱՔՏԱՆԸԼՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ
Անգլիոյ Արտաքին գործոց ու համագործակցութեան նախարարութեան մշտական քարտուղար Սըր Սէյմըն Մաքտանըլտ վաղը պիտի այցելէ Երեւան։ Ան միեւնոյն ժամանակ Անգլիոյ Դիւանագիտական ծառայութեան ղեկավարն է։
Անգլիոյ Արտաքին գործոց ու համագործակցութեան նախարարութեան մշտական քարտուղար Սըր Սէյմըն Մաքտանըլտ վաղը պիտի այցելէ Երեւան։ Ան միեւնոյն ժամանակ Անգլիոյ Դիւանագիտական ծառայութեան ղեկավարն է։
Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ գոյացած համաձայնութեան հիման վրայ անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան Սուրիոյ շառաւիղը՝ ԵՓԿ երէկուան դրութեամբ սկսաւ լքել Մենպիչ քաղաքը։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, իննսուն օրուան ընթացքին ԵՓԿ վերջնականօրէն ետ քաշուած պիտի ըլլայ Մենպիչէն։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Զուիցերիոյ թեմէն ներս վերջերս գումարուեցաւ Ծխական խորհուրդի ժողով։ Կիրակի, 1 յուլիսին, Ժընեւի Ս. Յակոբ Մայր եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագ մատոյց առաջնորդական տեղապահ Տ. Գուսան Վրդ. Ալճանեան։ Արարողութեան աւարտին, եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ գումարուեցաւ Ծխական խորհուրդի նիստ։
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Հայրապետ. «Եկեղեցին յատկապէս զօրաւոր է, երբ անոր կեանքին աշխուժօրէն ներգրաւուած է երիտասարդութիւնը»:
Ծաղկաձորի մէջ սկսաւ Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային երիտասարդաց միաւորման մեծ նախաձեռնութիւնը. «Դէպի հայրենիք, դէպի Սուրբ Էջմիածին»:

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ազգային տօնին՝ յուլիսի 4-ի առթիւ երէկ պաշտօնական ընդունելութիւն մը սարքուեցաւ քաղաքիս մէջ։ Պէշիկթաշի «Քոնրատ» պանդոկի սրահներուն մէջ տեղի ունեցաւ այս պաշտօնական ընդունելութիւնը, որու տանտէրներն էին Անգարայի մօտ ԱՄՆ-ի հաւատարմատար Ֆիլիփ Քոսնըթ եւ Իսթանպուլի մօտ ԱՄՆ-ի աւագ հիւպատոս Ճենիֆըր Տէյվիս։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յառաջիկայ շրջանին պիտի իրականացնէ շարք մը արտասահմանեան ուղեւորութիւններ։ Յունիսի 24-ի ընտրութիւններէն վերջ արդէն աստիճանաբար կը յստականայ Էրտողանի արտասահմանեան այցերու ժամանակացոյցը։

Ֆրանսահայ յայտնի պատմաբան Ռայմոն Գէորգեան կարեւոր պաշտօն մը ստանձնեց Ծիծեռնակաբերդի թանգարան-կաճառի հիմնարկէն ներս։ Այսպէս, ան ընտրուեցաւ այդ հիմնարկի նախագահը։ Ծիծեռնակաբերդի թանգարանէն ներս վերջերս տեղի ունեցաւ «Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-կաճառ» հիմնարկի խորհուրդի անդրանիկ նիստը։
Հայաստանի գայթակղեցուցիչ իրադարձութիւնները կը շարունակեն բնորոշել երկրին օրակարգը։ Աղմկայարոյց բացայայտումներու եւ ձերբակալութիւններու մթնոլորտին մէջ երէկ շատ կարեւոր իրադարձութիւններ տեղի ունեցան երկրէն ներս։
Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ներկայացուց Հայաստանի զարգացման հեռանկարները:
Միացեալ Նահանգներէն եւ Անգլիայէն մագիստրոսական համատեղ ծրագրի մասնակիցներ կը հիւրընկալուին Երեւանի մէջ:
Ամերիկահայ գիտնական Տքթ. Երուանդ Թէրզեան կարեւոր նուաճումի մը հասած է իր ընդգրկած ասպարէզէն ներս։ Այսպէս, ՆԱՍԱ-ն իր բարձրագոյն պարգեւը՝ «Նշանակալից հանրային ծառայութեան համար» շքանշանը պիտի յանձնէ աստղագէտ, Քոռնելի համալսարանի դասախօս Երուանդ Թերզեանին: