ՀԻԱՍՔԱՆՉ ԵՐԿԻՐ ՄԸ…
Իտալիոյ Եպիսկոպոսական ժողովի նախագահ կարտինալին գլխաւորութեամբ եռօրեայ ուխտագնացութիւն՝ յագեցած ու բազմակողմանի ծրագրով:
«Շատ ուրախ ենք այս սուրբ հողին վրայ պատարագելով։ Հայաստան հին ժամանակներէ ի վեր իր սրտին մէջ ընդունած է ու կը տանի Աւետարանի խօսքը»:
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեան, որ նախընթաց օր հսկողութեան տակ առնուած էր զեղծումներու կասկածով, ազատ արձակուեցաւ եւ իր պարագային դատարանը սահմանեց 1 միլիոն հայկական դրամի չափով գրաւ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս շնորհանդէս՝ մասնակցութեամբ Նիկոլ Փաշինեանի:
«Հայկական զինեալ ուժերն ալ կը վերահսկեն Ատրպէյճանի բնակելի շրջաններ»:
Ռուսաստանէ ներս հաշուարկներ կատարուեցան, թէ ԱՊՀ-ի զանազան երկիրներէն աշխատելու համար այնտեղ մեկնածները որքան գումար կ՚ուղարկեն իրենց երկիրները։ «Սփութնիք» գործակալութեան հաղորդումներով, Western Union միջազգային վճարային համակարգի եւ Ռուսաստանի Ելմտական հետազօտութիւններու ազգային գործակալութեան համատեղ հետազօտութեան հիման վրայ հրապարակուեցան շարք մը տուեալներ։
Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային երիտասարդաց միաւորման նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած համահայկական երիտասարդաց հաւաքը երէկ սկսաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ «Դէպի հայրենիք, դէպի Սուրբ Էջմիածին» կարգախօսով կազմակերպուած այս հաւաքին հիմնական ծրագիրը կեանքի կը կոչուի Ծաղկաձորի մէջ։
KMKD-ի նախաձեռնութեամբ հաստատուած մատենաշարի առաջին վեց գիրքերը
Փաշինեան. «Հայաստանի մէջ իշխաններու, իշխանիկներու եւ աւատապետներու ժամանակը անցած է»:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրաւէրով՝ 30 յուլիսին Իտալիոյ նախագահ Սերճիօ Մաթարելլա պետական այցելութիւն մը պիտի տայ Երեւան։ Երկու երկիրներու նախագահները պիտի քննարկեն երկկողմանի համագործակցութեան ընթացքը, նաեւ պիտի արժեւորեն միջազգային օրակարգի հրատապ հարցերն ու տարածքաշրջանի իրադրութիւնը։
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան երէկ Երեւանի մէջ ընդունեց ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպրչիկը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան Արցախ-Ատրպէյճան շփման գծի եւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի կացութիւնը։