Լրահոս

ՎԵՐԱԾՆԱՒ…

Արա Կիւլէր յաւերժութեան ճամբուեցաւ հանճարի մը վայել երախտագիտութեամբ։ Պատմական յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ պետական արարողակարգով. դագաղը ծածկուած էր դրօշով։ Կալաթասարայի հրապարակին վրայ աշխարհահռչակ լուսանկարչին համար կազմակերպուած սգահանդէսը համախմբեց հասարակութեան բոլոր խաւերէն հեղինակաւոր դէմքեր, որոնք բիւր յարգանքով իրենց խոնարհումը բերին մեծանուն վարպետի յիշատակին ու վաստակին առջեւ։ Սրճարանի ընթացիկ սեղանին թողուած էին ծաղիկներ։ Իշխանութիւնները մասնակցեցան ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախագահեց Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ փառաշուք արարողութեան։ Նախագահ Էրտողանի պատգամի հրապարակումէն վերջ, Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան խօսեցաւ կուռ դամբանական մը։ Ներկայ էր Ուղղափառաց ծայրագոյն պատրիարք Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա.-ի ներկայացուցիչը։ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան ընթերցեց Երեւանի ղեկավարութեան կողմէ ուղարկուած ցաւակցականները։ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան դամբանախօսեց հայերէնով։ Լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան հանդիսապետեց Շիշլիի գերեզմանատան թաղման կարգին։ Շիրիմը այժմէն արդէն վերածուած է պատկառազդու  յուշարձանի մը։ Հրաժեշտի յուզումնախառն հանգրուանին իր խորհրդանշած կերպարի բազմակողմանի վերագնահատումէն ծնունդ առաւ նոր առասպել մը, որու թողած վիթխարի ժառանգը կը կամրջէ դարերը եւ կը միաձուլէ արժէքներն ու մշակոյթները։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ. «ԱՐԱ ԿԻՒԼԷՐ ՄԵԶԻ ՑՈՅՑ ՏՈՒԱՒ, ՈՐ ԿԱՐԵԼԻ Է ՀԱՍՆԻԼ ՄԵԶԻ ՆՄԱՆ ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵՆԷ ՄԸ ԵՒ ԴԱՌՆԱԼ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՄԵԾՈՒԹԻՒՆ»

ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան շաբաթ, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ բակին մէջ դամբանական մը խօսեցաւ Արա Կիւլէրի յուղարկաւորութեան տխուր առթիւ։ 

Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այս առաւօտ մեկնեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքով մեկնեցաւ նորին սրբազնութիւնը, որու կեցութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ շաբաթավերջ։

ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՏՈՒԱՒ ԼԻԲԱՆԱՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Լիբանան։ Պէյրութի մէջ ան հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։

ԵՐԵՒԱՆԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 2800-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ

Երէկ, Երեւանի հիմնադրութեան 2800-ամեակը նշուեցաւ յոբելենական աննախընթաց խրախճանքով մը։ Հայաստանի մայրաքաղաքին մէջ իսկապէս եզակի օր մըն էր ժողովուրդի բարձր տրամադրութիւնով։

ԱՐԱ ԿԻՒԼԷՐ ՅԱՒԵՐԺՈՒԹԵԱՆ Կ՚ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԻ ԲԻՒՐ ՅԱՐԳԱՆՔՈՎ

Աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլէր, որու մահը խոր ցաւ ստեղծեց վերջին օրերուն, այսօր կը յուղարկաւորուի՝ առարկայ դառնալով բիւր յարգանքի։ Մեծանուն վարպետը յաւերժութեան ճանապարհը կը բռնէ պատշաճ շուքով՝ իր վաստակին ու համբաւին վայել ձեւով։ Այս առաւօտ իրեն համար Պէյօղլուի մէջ տեղի ունեցաւ սգահանդէս մը, որու աւարտին կարգը եկաւ յուղարկաւորութեան արարողութեան՝ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին, ուրկէ ալ իր մարմինը կը փոխադրուի Շիշլիի ազգային գերեզմանատունը՝ ամփոփուելու համար ընտանեկան դամբարանին մէջ։

ՍՈՒ­ՐԻՈՅ ՏԱԳ­ՆԱ­ՊԻՆ ՀԱ­ՄԱՐ ՆՈՐ ՔԱՅԼ

Սու­րիոյ տագ­նա­պը կը շա­րու­նա­կէ մնալ թրքա­կան դի­ւա­նա­գի­տու­թեան կի­զա­կէ­տին։ Ան­գա­րա ի­րե­րա­յա­ջորդ նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րով հան­դէս կու գայ այս խնդրին շուրջ՝ որ­պէս ա­ռանց­քա­յին դե­րա­կա­տար։ Այս ծի­րին մէջ Թուր­քիա յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին պի­տի կազ­մա­կեր­պէ կա­րե­ւոր գա­գա­թա­ժո­ղով մը։

ՍԷՐ, ՅՈՒԶՈՒՄ, ԱՂՕԹՔ

Աշխարհահռչակ լուսանկարչի վաղուան յուղարկաւորութեան ընդառաջ՝ համատարած զօրակոչ պատշաճ շուքով հրաժեշտ մը կազմակերպելու նպատակով:
Մեծանուն արուեստագէտի վաստակին ու ժառանգութեան առջեւ բիւր յարգանքով խոնարհում - Զանգուածային լրատուութեան միջոցները կ՚ընեն յատուկ թողարկումներ:

Էջեր