ՍԻՆԻՐԼԻՕՂԼՈՒԻ ԵՐԵՒԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿ ՇՕՇԱՓՈՒԵՑԱՒ ԹՈՒՐՔԻԱ-ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՄԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԸ
Երեւանի ղեկավարութիւնը շաբաթավերջին հիւրընկալեց ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուն, որ ընդունուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Այսպէս, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան տեսակցեցան Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուի հետ, որ տարածաշրջանային այցելութեան մը ձեռնարկած է։
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
«Ներկայիս երկրէն ներս կ՚ընթանայ ընկերահոգեբանական մը, որ 2018 թուականին կատարուածին չափ կարեւոր է, եթէ ոչ աւելի»:
Երէկ, Թիֆլիզի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց փոխ-նախարարներուն՝ Վահան Կոստանեանի, Լաշա Տարսալիայի, Էլնուր Մամետովի եռակողմանի հանդիպումը, որ միտուած էր վստահութեան ձեւաւորման եւ երկխօսութեան աւելի բարձր մակարդակի վրայ շարունակութեան։
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ Քրեմլինի պալատին մէջ հիւրընկալեց Քաթարի էմիր Թամիմ պին Համիտ ալ Թանին, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Մոսկուա։ Փութին այս առթիւ շեշտեց Քաթարի ներդրումը Իսրայէլ-Պաղեստին հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Հայաստանի մէջ պէտք չէ շարունակուի Ղարաբաղի շարժումը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, խորհրդարանէն ներս լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան նշեց, որ Ղարաբաղի շարժումը երկրին մէջ պիտի չշարունակուի։
Անգարա տարածաշրջանի միւս դերակատարներուն հետ կը համակարգէ իր նպատակներու իրականացումը:
Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան հիմնադրութեան 35-ամեակին առթիւ յոբելենական նիստ:
Եւրոպայի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի երկիրներու, նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարներու խորհրդակցական նիստ:
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ