ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ ԽՐԱԽՈՒՍԱՆՔ
Եւրոմիութիւն-Հայաստանի Հանրապետութիւն Գործընկերութեան խորհուրդի երկրորդ հերթական նիստը երէկ տեղի ունեցաւ Պրիւքսելի մէջ:
Եւրոպական կողմը վերահաստատեց իր աջակցութիւնը Անգարա-Երեւան փոխյարաբերութիւններու՝ առանց նախապայմաններու բարելաւման ուղղութեամբ:
Հանրապետութեան նախագահը երէկ դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ ԱՔ կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակի երեսփոխաններուն հետ:
Իրաւական համակարգէ ներս բարեփոխումներու պատրաստութեան շրջանին ուշագրաւ վիճակ:
Վրաստանի Պաշտպանութեան նախարար Լեւան Իզորիա եւ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով երէկ հանդիպում մը ունեցան Կեպելէի մէջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, անոնք քննարկեցին ռազմական ոլորտէ ներս երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքը եւ յոյս յայտնեցին, թէ համագործակցութիւնը ա՛լ աւելի պիտի խորանայ ապագային։
Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի առաջնորդ ընտրուեցաւ մետրապոլիտ Էլփիտոֆորոս Լամպրինիատիս։ Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանէն ներս, Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքի նախագահութեամբ գումարուած սինոդը միաձայնութեամբ զինքը ընտրած է այս պաշտօնին։