ՋԵՐՄ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ
Նախկին նախարար Վոլքան Պոզքըր երէկ հիւրընկալուեցաւ Շիշլի մարզակումբի վարչութեան կողմէ:
Երեսփոխանը, որուն կ՚ընկերանային ԱՔ կուսակցութեան ներկայացուցիչները, քաղեց բազմակողմանի տեղեկութիւններ:
Նախկին նախարար Վոլքան Պոզքըր երէկ հիւրընկալուեցաւ Շիշլի մարզակումբի վարչութեան կողմէ:
Երեսփոխանը, որուն կ՚ընկերանային ԱՔ կուսակցութեան ներկայացուցիչները, քաղեց բազմակողմանի տեղեկութիւններ:
Գումգաբուի մէջ վաղը տեղի պիտի ունենայ Կրօնական ժողովի նիստ. համայնքին համար կարեւոր փուլ մը եւս:
Պատրիարքական տեղապահի ընտրութիւնը կը նախատեսուի յունիսի 26-ին՝ Եկեղեցականաց համագումարով: Հոգեւոր հայրերը այժմէն հաշուի կ՚առնեն բոլոր մանրամասնութիւնները:
Ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան կը կարեւորէ օրինական եւ իրաւական ենթագետնի երաշխաւորումը:
2018-2019 կրթական շրջանը Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ եզրափակուեցաւ խանդավառ հանդէսներով։ Տարեվերջին կազմակերպուեցաւ դպրոցի աւանդական փառատօնի շաբաթը։ Նոյն ծիրին մաս կազմեցին անգլերէնի եւ գիտութեան փառատօները։
Փաշինեան սփիւռքի գործերու յանձնակատար նշանակեց Զարեհ Սինանեանը, որ արդէն մեկնած է Երեւան:
«Մենք պէտք է որդեգրենք արդիւնաւէտ քաղաքականութիւն մը, որու հիմնական նպատակը պէտք է ըլլայ սփիւռքահայութեան առաւել մեծ ներգրաւուածութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի տնտեսական, հանրային ու քաղաքական կեանքէն ներս»:
Պատմութեան հիմնարկը (Tarih Vakfı) կը շարունակէ ծրագրեր կեանքի կոչել կրթութեան ոլորտի պարագային:
Արեւմտեան Թրակիոյ թրքական փոքրամասնական դպրոցներու վիճակը պատմութեան հոլովոյթին մէջ՝ Լոզանի դաշնագիրէն ի վեր:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին կազմակերպած «Կանանց լսարան»ը եզրափակեց 2018-2019 տարեշրջանի իր սերտողութիւնները, Անթիլիասի վանքի վեհարանի դահլիճին մէջ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին պատգամով։ Աւանդութեան համաձայն, տարեշրջանի եզրափակիչ պատգամը փոխանցեց Նորին Սրբութիւնը, իսկ աւարտին, ներկաները առիթն ունեցան Արամ Ա. Կաթողիկոսին ուղղելու իրենց հարցումներն ու առաջարկները։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ հայոց թեմէն ներս մեծահանդէս արարողութիւն։
Առաջնորդ Տ. Սերովբէ Եպսկ. Իսախանեանի համար պաշտօնակալման միջեկեղեցական հանդիսութիւն եւ ընդունելութիւն։
Զօհրապ Մնացականեան եւ Էլմար Մամետեարով յունիսի 20-ին պիտի տեսակցին Ուաշինկթընի մէջ:
Ատրպէյճանի կողմէ հրադադարի խախտումներով ստեղծուած իրավիճակը կը պայմանաւորէ հանդիպման օրակարգը:
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Իվ լը Տրիանը։ Երկու նախարարները ծաւալուն բանակցութիւններ վարեցին Անգարա-Փարիզ համատեղ օրակարգի բազմակողմանի խնդիրներուն շուրջ։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ Աթէնքի մէջ իր մահկանացուն կնքած է «Ազատ Օր» օրաթերթի նախկին գլխաւոր խմբագիր Յովսէփ Պարազեան։ Ան շուրջ հինգ տասնամեակէ ի վեր իր սպասաւորութիւնը բերած էր «Ազատ Օր» օրաթերթին։ Այդ ժամանակաշրջանին վարած էր նաեւ գլխաւոր խմբագրի պաշտօն, իսկ այդ պաշտօնը փոխանցելէ վերջ ալ կը շարունակէր իր աջակցութիւնը եւ նպաստը բերել թերթին։