ՍՊԻՏԱԿ ԷՋ ՄԸ…
Տեղապահի յայտնի դառնալուն զուգահեռ համայնքային շրջանակները համակուած են լաւատեսութեամբ եւ Պատրիարքական Աթոռը թարմ եռանդով ձեռնամուխ կ՚ըլլայ 85-րդ գահակալի ընտրութեան կազմակերպման աշխատանքներու շարունակութեան։ Մանրամասնութիւնները պիտի յստակենան պետութեան հետ շփումով։
Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան շեշտը կը դնէ թափանցիկութեան վրայ։ Նորին սրբազնութիւնը այսօր կը նախագահէ կրօնական ժողովի նիստին։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն դրական արձագանգ։
Յառաջիկայ շրջանին փուլ առ փուլ յառաջ պիտի տարուին նախընտրական գործընթացի կարգադրութիւնները։ Հաւատացեալները յուսադրուած են մինչեւ տարեվերջ ողջունելու համար մեր նոր հոգեւոր պետը։
Թուրքիոյ Հայոց Եկեղեցական Համագումար Ժողովը գումարուեցաւ 4 յուլիս 2019, հինգշաբթի, ժամը՝ 10.00-ին, Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ, նախագահութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի։ Համագումարին մասնակցեցան 25 հոգեւորականներ։
Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքը երէկ շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլուին։ Դռնփակ հանդիպումէն վերջ Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարք նշեց, որ նորընտիր քաղաքապետին փոխանցած է իր համայնքին աղօթքը։
Պոլսոյ Պատրիարքութեան Եկեղեցականաց համագումարը այս առաւօտ տեղի ունեցաւ Գումգաբուի մէջ՝ յետ Մայր եկեղեցիէն ներս կատարուած ժամերգութեան:
Պատրիարքական տեղապահի ընտրութեան համար այս առաւօտ Գումգաբուի Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ կը գումարուի Եկեղեցականաց համագումարը։ Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ հաւաքուելէ առաջ հոգեւոր հայրերը ժամերգութեան համար մէկտեղուեցան Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ սրբազան կամարներուն ներքեւ։
Հայկական զանգուածային լրատուութեան աշխարհի ներկայացուցիչները հերթական անգամ համախմբուած: