ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ԴԵՍՊԱՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ ընդունեց Երեւանի մօտ Իսրայէլի նորանշանակ դեսպան Էլիավ Պելոցերքովսքին, որ յանձնեց իր հաւատարմագիրը։ Դեսպանի նստավայրը կը գտնուի Երուսաղէմի մէջ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ ընդունեց Երեւանի մօտ Իսրայէլի նորանշանակ դեսպան Էլիավ Պելոցերքովսքին, որ յանձնեց իր հաւատարմագիրը։ Դեսպանի նստավայրը կը գտնուի Երուսաղէմի մէջ։
Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ պաշտօնական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, որ կարճ այցելութիւն մը տուաւ քաղաքս, երէկ այցելեց Պատրիարքարան։ Նորին սրբազնութիւնը ընդունուեցաւ տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի կողմէ։
ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները այսօր անպաշտօն ժողով մը կը գումարեն Պրաթիսլաւայի մէջ՝ Եւրոպայի ապագային շուրջ:
Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը կրնայ գալ օրակարգի վրայ: Մինսքեան խմբակի համանախագահները մարդասիրական յաւելեալ ջանքեր կ՚ակնկալեն կողմերէն:
Վաղը Երեւան պիտի այցելէ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսք, որ ամենաբարձր մակարդակի վրայ պիտի հիւրընկալուի Երեւանի ղեկավարութեան կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Տոնալտ Թուսք հանդիպումներ պիտի ունենայ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։
«Ոսկէ ծիրան»ը սկսաւ ոգեւոր արարողութեամբ եւ «Մակաբոյծը»ի ցուցադրութեամբ:
Յարութիւն Խաչատրեան յոյս յայտնեց «Վիվասել»ի հետ գործակցութեան տեւականութեան համար:
Կիւմրիի մէջ նշուեցաւ Մհեր Մկրտչեանի ծննդեան 89-ամեակը։ Այսպէս, Կիւմրիի քաղաքապետարանի Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու բաժինն ու Մհեր Մկրտչեանի յուշատուն-թանգարանը կիւմրեցիներուն ու Կիւմրի այցելող հիւրերուն յուլիսի 4-ին պարգեւեցին անմոռանալի օր մը՝ սիրուած դերասան Մհեր Մկրտչեանին նուիրուած շարք մը միջոցառումներով նշելով անոր ծննդեան 89-ամեակը:
Կրօնական ժողովի վերընտրեալ ատենապետը ուշագրաւ յայտարարութիւններ ըրաւ «tert.am» կայքէջին:
Ըստ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի, տեղապահի ընտրութեան ժամանակ հոգեւորականները ճնշումներու տակ քուէարկած են, անոնց կաշառք առաջադրուած է: Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան համոզուած է, թէ պէտք է մարսել պարտութիւնը:
Հայկական դիւանագիտութիւնը շաբաթավերջին ունեցաւ ծանրակշիռ կորուստ մը. ոչ եւս է դեսպան Արման Կիրակոսեան։ Սա ոչ միայն հայկական դիւանագիտութեան, այլեւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդին տեսակէտէ մեծ կորուստ մըն է։
Երէկ, Յունաստանի մէջ տեղի ունեցան ընտրութիւններ, որոնց հիման վրայ իշխանութեան գլուխ եկան աջ կեդրոնամէտները։ Այսպէս, ընտրութիւններէն յաղթական դուրս եկաւ «Նոր ժողովրդավարութիւն» կուսակցութիւնը, որ ապահովեց ձայներու 39.8 տոկոսը։
Երէկ, Երեւանի մէջ պարգեւատրուեցան խումբ մը բարձրաստիճան պետական պաշտօնատարներ, որոնց ի պատիւ մասնաւոր հաւաքոյթ մը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի ապարանքի երդիքին տակ։ Այսպէս, նախագահ Արմէն Սարգսեան պետական կոչումներ եւ պարգեւներ յանձնեց շարք մը բարձրաստիճան պետական պաշտօնատարներու, որոնց կարգին էին Հանրապետութեան աւագ դատախազ Արթուր Դաւթեան, ազգային անվտանգութեան ծառայութեան պետը, ոստիկանապետը, յատուկ քննչական ծառայութեան պետը, ինչպէս նաեւ բանակի, ոստիկանութեան, անվտանգութեան համակարգի եւ դատական համակարգի շարք մը պաշտօնատարներ։