ՀՐԱԺԵՇՏ ԱՌԱՍՊԵԼԻՆ
Նորոգ հանգուցեալ կռփամարտիկ Կարպիս Զաքարեանի յուղարկաւորութիւնը երէկ տեղի ունեցաւ Պէյօղլուի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ երդիքին ներքեւ:
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ, «Երկաթեայ բռունցք»ի նկատմամբ իրենց վերջին յարգանքը մատուցելու փութացած էին Մարմնամարզի ու երիտասարդութեան նախարար Մուհարրէմ Քասափօղլու, Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Երլիքայա եւ մարզական աշխարհէն յայտնի դէմքեր: Յուզումնախառն արարողութեան ընթացքին Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ եւ դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան խօսեցաւ կուռ դամբանական մը, որով վեր առաւ ողբացեալի ապահոված նուաճումներն ու բարի համբաւը:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու միջնորդութեամբ ու մասնակցութեամբ տեսակցութիւն:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Երուսաղէմը երբեք չի կըր-նար յանձնուիլ Իսրայէլին։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը երէկ Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց Վատիկանի Միջեկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի նախագահ Կարտինալ Քուրտ Քոխը։ Մտերմիկ հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան միջեկեղեցական բնոյթով զանազան հարցեր։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ Ժընեւի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու՝ Իկոր Փոփովի (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթիի (Ֆրանսա), Էնտրու Շեֆըրի (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ) եւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկի հետ։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրները ընկերային ցանցերու վրայ երէկ անդրադարձան այս հանդիպման՝ առանց անդրադառնալու քննարկումներու բովանդակային մանրամասնութիւններուն։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ յետմիջօրէին Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Իսթանպուլի մօտ Յունաստանի աւագ հիւպատոս Կէորկիա Սուլթանոփուլոն։ Ներկայ էր նաեւ Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ եւ դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ Իսրայէլ կը ջանան նոր կացութեան մը ծնունդ տալ Մերձաւոր Արեւելքէ ներս. Պաղեստին բուռն կը բողոքէ:
Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդները քննարկեցին երկրէն ներս ստեղծուած կացութիւնը:
Արմէն Սարգսեան տեսակցեցաւ Վազգէն Սարգսեանի ընտանիքի անդամներուն հետ:
Հայաստանի Քննչական կոմիտէի նախագահ Հայկ Գրիգորեան երէկ բացատրութիւններ տուաւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան նախկին տնօրէն Կէորկի Կուտոյեանի մահուան վերաբերեալ յառաջ տարուած հարցաքննութեան շուրջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան յայտնեց, որ Կէորկի Կուտոյեան ինքնասպանութիւն կատարած է նեղ անձնական պատճառով մը։