ՓԱՍԱՏԻՆԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱՅԵՐԷՆՈՎ ԵՒ ԱՆԳԼԵՐԷՆՈՎ ԴԱՍԱՒԱՆԴՄԱՆ ԾՐԱԳԻՐ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Գալիֆորնիոյ նահանգի Լոս Անճելըս քաղաքին մէջ, հայաբնակ Փասատինայի մէջ կեանքի կը կոչուի անգլերէնով եւ հայերէնով դասաւանդման ծրագիր մը, որու համար արձանագրութիւնները սկսած են։ «Ասպարէզ» օրաթերթի հաղորդումներով, Փասատինայի Միացեալ կրթաշրջանը կը տեղեկացնէ, թէ քաղաքին անգլերէնով եւ հայերէնով դասաւանդուող երկրորդական վարժարանի ծրագիրին արձանագրութիւնները սկսած են։
ՎԱՂԱՐՇԱԿ ՍՐԿ. ՍԵՐՈՎԲԵԱՆ
Նախագահներ Արմէն Սարգսեանի եւ Սի Ծինփինի միջեւ վերջին օրերուն փոխանակուեցան նամակներ:
Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետիին Քոճա տեղեկացուց, որ երէկուան դրութեամբ Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրի համավարակի զոհերու թիւը բարձրացած է 812-ի։ Երէկ ամբողջ Թուրքիոյ մէջ կատարուած է 24 հազար 900 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուած է 4 հազար 117 նոր վարակեալ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու հեռախօսազրոյցներու ընթացքին ալ անդրադարձ կատարուեցաւ քորոնաժահրի համավարակի դէմ ձեռնարկուած պայքարին։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան այսօր յետմիջօրէի ժամերուն հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի հետ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ յայտարարեց, որ երկրէն ներս առաջին անգամ քորոնաժահրի համավարակէն բուժուածներու թիւը աւելի բարձր է՝ քան վարակուածները։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Փաշինեան յայտնեց, որ պարէտատունը կը շարունակէ պահպանել զգուշաւոր լաւատեսութիւնը։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ յայտարարեց, որ քորոնաժահրի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Իսթանպուլէ ներս գործել պիտի սկսի համավարակի երկու մեծ հիւանդանոց։ Այս հսկայական համավարակի հիւանդանոցներէն մին պիտի խարսխուի Եշիլգիւղի «Աթաթիւրք» օդակայանի տարածքէն, իսկ միւսը՝ Սանճաքթեփէի օդակայանի տարածքէն ներս։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, կողմերը քննարկեցին Հայաստանին մատակարարուած բնական կազի վերաբերեալ հարցեր։