ԵՆԹԱԳԵՏՆԻ ՈՐՈՆՈՒՄ
Հայաստան ծանր տագնապով պայմանաւորուած մթնոլորտի մէջ ընդունեց Ռուսաստանի պատուիրակութիւնը:
Հրադադարի համաձայնութիւնը կը գործադրուի, երբ աղէտի հետեւանքով պետական համակարգը գրեթէ կաթուածահար դարձած է: Ներքին քաղաքական լարուածութիւնն ալ կը շարունակուի՝ միշտ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջի բարձրաձայնումով:
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմը աւարտին հասցուցած հրադադարի յայտարարութեան բնագրին վրայ աշխատած են այդ մէկը ստորագրած երեք կողմերը։ Ուստի, յայտարարութեան հեղինակները կը համարուին ստորագրադիր երեք կողմերը։
Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութեան պայմանները կը շարունակեն Հայաստանը ցնցել իրենց ծանր բնոյթով։ Այս մեծ ձախողումին զուգահեռ՝ հայկական կողմը կը դիմագրաւէ նաեւ աննկարագրելի փլուզում մը, աղէտի համազօր մարդասիրական տագնապ մը։
Ռուսաստանէն բարձրաստիճան բազմանդամ պատուիրակութիւն մը այսօր Հայաստան կ՚այցելէ՝ զանազան ուղղութիւններով արժեւորումներու նպատակով:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երկրի դիմագրաւած ծանր մարտահրաւէրներուն շուրջ հարցազրոյց մը տուաւ յայտնի քաղաքական մեկնաբան, «Առաւօտ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արամ Աբրահամեանի։ Այս առթիւ Արմէն Սարգսեան խօսեցաւ ներքին քաղաքական իրավիճակին եւ երկրէն ներս զանազան համակարգերու բացակայութեան մասին։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ երէկ Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Հայաստանի նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողակիցը՝ Ռիթա Սարգսեան։ Քորոնաժահրով վարակուած էր Ռիթա Սարգսեան, որ շաբաթներէ ի վեր դարմանման տակ կը գտնուէր։
Լարուածութիւններն ու անորոշութիւնները կը շարունակեն բնորոշել Հայաստանի կեանքը։ Արցախի պատերազմի հետեւանքով յառաջացած մեծ ձախողումը ահաւոր ցնցումի մը առաջնորդած է երկիրը։
Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի աւարտին արցախահայութեան տեսակէտէ մարդկային ծանր կացութիւն մը ստեղծուած է։ Թէեւ կը հաղորդուի, որ Ստեփանակերտի մէջ կը վերականգնուի խաղաղ կեանքը, սակայն բազում հարցականներ կը մնան օրակարգի վրայ։
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան այս առաւօտ հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի պարտութեան հետեւանքով ստեղծուած ծանր իրավիճակին մէջ Երեւանէ ներս կ՚ապրուի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հրաժարականներու տարափ մը։
Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը մշտական կապի մէջ է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ՝ համակարգելու համար յետպատերազմեան աշխատանքները: