«ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿՈՂՄԸ ԿԸ ՓԱՓԱՔԻ ՀՆԱՐԱՒՈՐԻՆՍ ԱՐԱԳ ՆԵՐԳՐԱՒՈՒԻԼ ԲՈՎԱՆԴԱԿԱՅԻՆ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ»
Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը կը շարունակէ հանրային կարծիքի ուշադրութեան առարկայ մնալ բոլոր երեսակներով։ Երեւան-Անգարա առանցքին վրայ ակնկալուած զարգացումներու մթնոլորտին մէջ կը կատարուին իրերայաջորդ յայտարարութիւններ՝ մանաւանդ անցեալ շաբաթավերջին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած յատուկ ներկայացուցիչներու առաջին հանդիպումէն վերջ։
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին այսօր Մոսկուայի մէջ կը հիւրընկալէ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռաիսին։ Քրեմլինի աղբիւրները հաղորդեցին, որ երկու ղեկավարները կը քննարկեն Մոսկուա-Թեհրան համագործակցութեան վերաբերեալ հարցերու ամբողջ համալիրը՝ ներառեալ առեւտրատնտեսական ոլորտէ ներս համատեղ նախագծերու իրականացումը։
Հայաստան եւ ԱՄԷ կը քննարկեն փոխյարաբերութիւններու առաւել ընդլայնման հնարաւորութիւնները:
Հանրապետութեան նախագահը Ալպանիա այցելելէ վերջ այսօր կը հիւրընկալէ Սերպիոյ նախագահը:
Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները երէկ տեղեկացուցին, որ շաբաթավերջին Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի, նախարարութեան կեդրոնական վարչախումբի, եւրոպական երկիրներէ ներս հաւատարմագրուած դեսպաններու եւ Եւրոպայի շարք մը միջազգային կազմակերպութիւններէ ներս հաւատարմագրուած մշտական ներկայացուցիչներու հաւաքը։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիան երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Այս առթիւ անոնք անդրադարձան Թեհրանի միջուկային ծրագրին շուրջ ստեղծուած իրավիճակին։
ԵԱՀԿ-ի մօտ Ռուսաստանի մշտական ներկայացուցիչ Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի առկայ իրավիճակին։ Իր խօսքով՝ հակառակ որոշ դէպքերուն, ընդհանուր առմամբ, Ռուսաստանի ջանքերով հնարաւոր եղած է տարածաշրջանէն ներս պահպանել կայունութիւնը։
Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիփզատէ երէկ յայտարարեց, որ Թեհրան կ՚ողջունէ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ ջանքերը։ Այսպէսով տարածաշրջանի կարեւոր դերակատարներէն Թեհրան պաշտօնապէս արձագանգած եղաւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ գործընթացին։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ համակրելի մեներգչուհի Մարալ Այվազ ներկայիս գեղարուեստասէր հասարակութեան կը ներկայանայ նոր գործով մը։ Մօտաւոր անցեալին իր թողարկած ալպոմէն վերջ, այս անգամ Մարալ Այվազ «սինկըլ»ով մը կը ներկայանայ իր համակիրներուն։