ԱՆԳԱՐԱՅԷՆ ՅԱՄԱՌ ՋԱՆՔԵՐ
Թուրքիոյ տանտիրութեամբ Ռուսաստանի եւ Ուքրայնայի արտաքին գործոց նախարարները՝ Լաւրովն ու Քուլեպան երէկ տեսակցեցան Անթալիայի մէջ:
Նախագահ Էրտողան «շինիչ ու երկարատեւ» հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Պայտընի հետ:
Թուրքիոյ տանտիրութեամբ Ռուսաստանի եւ Ուքրայնայի արտաքին գործոց նախարարները՝ Լաւրովն ու Քուլեպան երէկ տեսակցեցան Անթալիայի մէջ:
Նախագահ Էրտողան «շինիչ ու երկարատեւ» հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Պայտընի հետ:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այսօր Թուրքիա կը ժամանէ՝ մասնակցելու համար Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումին։ Կը նախատեսուի, որ նախարարին կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը այսօր երեկոյեան հասնի Անթալիա, ուրկէ ան հրաժեշտ պիտի առնէ շաբաթ, օրուան երկրորդ կէսին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Աղէտալի պատերազմին ՆԱԹՕ-ն ներգրաւելու ուղղեալ Ուքրայնայի փափաքը, որ հիմնական գրաւն էր, արդէն ինկած է ջուրի մէջ:
Արեւմուտքի խուսանաւումներէն հեռու Մոսկուա-Քիեւ շփումները տեղ մը ծայրերը քով քովի կը բերե՞ն, թէ ոչ այս փուլին ռազմական գործողութիւններու շարունակուիլը տակաւին ձեռնտու է խաղի իսկական տէրերուն տեսակէտէ: Ռուսաստանի կողմէ զիջումի հաւանականութիւնը նուազ:
Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի յարաբերութիւններուն մէջ սկիզբ կ՚առնէ նոր շրջան մը, ինչ որ կրնայ ազդել ամբողջ տարածաշրջանին վրայ:
Էրտողան եւ Հերցոք երէկ գլուխ գլուխի զրուցեցին երկու ժամ եւ իրենց յայտարարութիւններուն մէջ ընդգծեցին ուժանիւթի ոլորտէն ներս համագործակցութեան զարգացումը: Նախարարներ Չավուշօղլու եւ Տէօնմէզ յառաջիկայ ամսուան սկիզբին ուղեւորութեան պիտի ձեռնարկեն:
Փաշինեան Փարիզի մէջ հանդիպեցաւ Էմմանիւել Մաքրոնի եւ Շարլ Միշելի հետ:
Հայաստանի վարչապետը եւ Ֆրանսայի նախագահը անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին, նաեւ կարծիքներ փոխանակեցին միջազգային ասպարէզի զանազան գործընթացներուն շուրջ:
Հայկական ֆութպոլի արդի առասպելական աստղերէն Հենրիխ Մխիթարեան որոշած է այլեւս դադրեցնել իր մասնակցութիւնը Հայաստանի ազգային հաւաքականին։ Հենրիխ Մխիթարեան թէեւ կը շարունակէ մեծ ֆութպոլի մէջ մնալ, Իտալիոյ մէջ հանդէս գալ, սակայն, ըստ երեւոյթին, տարիքի բերումով, այլեւս բաւ համարած է հայկական ընտրանիին մաս կազմելը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ուքրայնայի մէջ մարդասիրական հրադադարի պայմաններով կը դիտարկուի տնտեսական պատերազմի սաստկացում:
Նաւթի եւ կազի գործիքակազմը «U Turn»ի անխուսափելի կէտի մը կը տանին ռազմական առկայ գործողութիւնները, որոնք Արեւմուտք-Ռուսաստան ազդեցութեան անթաքուն կռիւները նոր հարթութեան մը վրայ կրնան դնել՝ մինչ չի բացառուիր Եւրոպայէ ներս քաղաքական անորոշութիւններու ծագիլը:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի հրաւէրին ընդառաջ՝ Իսրայէլի նախագահ Եէիցաք Հերցոք այսօր երկօրեայ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Թուրքիա։ Հիւր ղեկավարը յետմիջօրէի ժամերուն կը հասնի մայրաքաղաք Անգարա, ուր պետական արարողակարգով կը դիմաւորուի Պեշթեփէի նախագահական համալիրէն ներս։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ աշխատանքային այցելութեամբ մեկնեցաւ Փարիզ՝ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւել Մաքրոնի հրաւէրին ընդառաջ։ Էլիզէի պալատին մէջ այսօր նախատեսուած է Փաշինեանի եւ Մաքրոնի հանդիպումը։
Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները երէկ տեղեկացուցին, որ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան պիտի մասնակցի Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումին։
Թուրքիա-Հայաստան բնականոնացման գործընթացի մթնոլորտին մէջ այս նիւթին վերաբերեալ սպասումը միջոցէ մը ի վեր հանրային կարծիքի ուշադրութեան առարկայ էր։