ՀԱՄԱԿԵՑՈՒԹԵԱՆ ՈԳԻ
Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահի երդիքին տակ երէկ երեկոյեան բացառիկ հաւաքոյթ մը տեղի ունեցաւ:
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը նախագահեց ԱՔ կուսակցութեան շրջանակներէն յառաջատար դէմքերու մասնակցութեամբ կազմակերպուած իֆթարին: Տքթ. Սեւան Սվաճըօղլուի նախաձեռնութիւնը փայլուն յաջողութեամբ պսակուեցաւ: Մանուկ Էօղէր կոչ ուղղեց, որպէսզի Մէրամէթճեան վարժարանի համար նոր համալիր մը կառուցուի պետական միջոցներով:
Մեր աշխատակից Վարանդ Քորթմոսեան կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-
Դէպի Հնդկաստան աշխատանքային այցելութեան ծիրէն ներս, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այցելեց Մումպայ, որ կը համարուի այդ երկրի ելմտական կեդրոնը։ Ան այց մը կատարեց Մումպայի հայկական առեւտրային գրասենեակը, որ կը գործէ Հայաստանի տեղւոյն պատուոյ հիւպատոսութեան առընթեր։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց Պէյրութի մօտ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը։ Զրոյցի տեւողութեան շօշափուեցան Հայաստանի, Արցախի եւ Լիբանանի հրատապ օրակարգին վերաբերեալ զանազան հարցեր։
Հայաստանի ընդդիմութիւնը այս օրերուն յամառօրէն յառաջ կը տանի բողոքի նոր ալիք մը, որու դրսեւորումները զգալի կը դառնան՝ մանաւանդ մայրաքաղաք Երեւանի կեդրոնին, ուր յաճախ առօրեան դուրս կու գայ բնականոն հունէն։
Հանրապետութեան նախագահը երէկ երեկոյեան ընթրեց Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու հոգեւոր առաջնորդներուն եւ աշխարհական վարիչներուն հետ:
Նոթրը-Տամ-տը-Սիոն ֆրանսական լիսէին մէջ երէկ երեկոյեան բացուեցաւ եզակի ցուցահանդէս մը, որ կը կոչուի «Ֆրանսերէնը՝ որպէս քաղաքային հայելի»։ 1850-1950 թուականներու կտրուածքով հրապարակուած գովազդներու համայնապատկերին վրայ մատուցուած է այս ցուցահանդէսին իսկապէս հետաքրքրական նիւթը, որ լոյս կը սփռէ Օսմանեան կայսրութեան ժամանակ ֆրանսերէնի հասարակական կեանքէն ներս ունեցած դերակատարութեան վրայ։
Էրտողան հեռաձայնով զրուցեց Վլատիմիր Փութինի հետ, որ երէկ հիւրընկալեց Անթոնիօ Կութերեսը:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Նոր Տելհիի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտիի հետ։ «Ռայսինայի երկխօսութիւն» համաժողովի շրջանակներէն ներս տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը։