Լրահոս

ՊԱՏԿԱՌԵԼԻ 190-ԱՄԵԱԿ Ս.Փ. ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ

ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Վերջերս կարդացինք Պոլսոյ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի վերանորոգութեանց մասին տպաւորիչ մի քանի նկարներով հիմնադրութեան 190-ամեակին։ Մեզի պարտք կ՚իյնայ անտես չառնել մեր ազգին ու եկեղեցիին պատիւ բերող հաստատութեանց տարեդարձներն ու մանաւանդ անցեալի ու ներկայի բարերարները, որոնք հոգածու եղան այս վսեմ ու մնայուն հաստատութեան վերելքին իրենց նպաստը բերելով։

ՀԱՄԱԿԵՑՈՒԹԵԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆ

«Հրանդ Տինք» հիմնարկը շաբաթավերջին մեծ ձեռնարկ մը կազմակերպեց «Լիւթֆի Քըրտար» կեդրոնէն ներս:
Թուրքիայէն եւ արտասահմանէն հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ իրաւապաշտպաններ երկօրեայ քննարկումներ ծաւալեցին՝ փորձառութեան փոխանակման ձեւաչափին մէջ: Ծրագիրը հովանաւորուած էր ԵՄ-ի կողմէ:

ՀՆԴԿԱՍՏԱՆԷՆ ՀԻՒՐ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այս առաւօտ հիւրընկալեց Հնդկաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան Արեւմտեան ուղղութեան գծով քարտուղար Սանճայ Վերման, որ այսօր շփումներ կ՚ունենայ Երեւանի մէջ։

ՇՕՇԱՓԵԼԻ ՔԱՅԼԵՐ

Առաջին անգամ լուսանկար մը՝ Թուրքիա-Հայաստան բնականոնացման ուղղեալ բանակցութիւններէն:
Սերտար Քըլըչ-Ռուբէն Ռուբինեան Վիեննայի երէկուան հանդիպումը տարբերուեցաւ նախորդներէն: Անգարա եւ Երեւան համաձայնութեան հասան՝ ցամաքային սահմանը երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն բանալու համար:

ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Գերմանիոյ Տնտեսական համագործակցութեան եւ զարգացման նախարար Սվենիա Շուլցէ երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Պաշտօնական այցելութեան ընթացքին ան ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։

ԱՆՆԱ ՉՈՒԼԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ CENL-Ի ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻՆ

Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէն Աննա Չուլեան վերջերս մասնակցեցաւ Եւրոպայի Ազգային գրադարաններու (CENL) տարեկան ընդհանուր ժողովին։ Հարկ է նշել, որ Հայաստանի Ազգային գրադարանը կը հանդիսանայ CENL-ի անդամ։

INALCO-Ի ՆՈՐԱՀԱՍՏԱՏ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԸ ԾՐԱԳՐԵՐՈՒ ԳԱՆՁԱՏՐՄԱՆ ՀԱՄԱՐ

Ֆրանսայի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու պետական կաճառին (INALCO-ԻՆԱԼՔՕ) կից սկսաւ գործել հիմնադրամ մը։ Ըստ «Նոր Յառաջ» թերթի հաղորդումներուն, այս հիմնադրամի գործունէութեան սկիզբին առթիւ Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական արարողութիւն մը։

Էջեր