ՏՈՀԱՅԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑՆԵՐ
Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան երէկ շփումներ ունեցաւ Տոհայի մէջ, ուր տեսակցեցաւ նաեւ Քաթարի ղեկավարութենէն դէմքերու հետ։ Ան կը մասնակցի Տոհայի Համաշխարհային անվտանգութեան ֆորումին, որու ծիրէն ներս այլ երկկողմանի յարաբերութիւններ ալ կ՚ունենայ։
Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու բարձրաստիճան զինուորականներուն միջեւ հերթական քննարկում:
«Արդար ու կայուն խաղաղութիւնը նոր պայմաններ կը ստեղծէ թէ՛ Ատրպէյճանի եւ թէ Հայաստանի տեսակէտէ»:
Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Աքսէլ Թոփալեան տեղեկացուց, որ Գալֆաեան տան ապագային համար արմատական կարգադրութիւններ կը նախատեսուին։ Շաբաթավերջի Հոգեգալուստի տօնակատարութիւններուն ժամանակ ան յայտնեց, որ Գալֆաեան տան պիւտճէն այս տարի շուրջ 5.5 միլիոն թրքական լիրայով բաց մնացած է։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ Վիեննայի մէջ մասնակցեցաւ Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան կողմէ կազմակերպուած համաժողովի մը։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
«Արաս» հրատարակչութեան «Եսայեան» սրահին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ յատկանշական շնորհանդէս մը, որ համախմբեց երաժշտասէրներ եւ գեղարուեստասէրներ։ «Արաս» միջոց մը առաջ հրատարակած էր ամերիկահայ յայտնի ուտահար Արա Տինքճեանի գործերուն թրքերէն թարգմանութիւնը։
Միջազգային օրակարգը երէկ երեկոյեան ժամերուն յեղաշրջուեցաւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի եւ արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիանի մահուան ցնցիչ լուրով։ Դէպքը պատահեցաւ Իրան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ։
Ատրպէյճանի նախագահական աշխատակազմի արտաքին յարաբերութիւններու բաժնի պատասխանատու Հիքմէթ Հաճիեւ վերջին օրերուն այցելեց Ուաշինկթըն, ուր Սպիտակ տան բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն հետ հանդիպումներ ունեցաւ։
Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ այս շաբաթավերջին մեծ շուքով կը նշուի 19 Մայիսի տօնը։ Հանրապետութեան մեծանուն հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի ոգեկոչման, երիտասարդութեան եւ մարմնամարզի տօնը այս տարի եւս առիթ կը դառնայ քաղաքացիական խոր գիտակցութեան թարմացման։