Լրահոս

ՀՐԱՇԱԾԻՆԸ…

Երեւանի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցած ծննդաբերութիւն մը լայն արձագանգ ստեղծեց ամբողջ հայաշխարհէ ներս՝ բոլորին առթելով յուզումնախառն զգացումներ։ Նորածին Լուսէն լոյս աշխարհ եկաւ հրաշքի համազօր ձեւով։

ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ՈՉՆՉԱՑՄԱՆ ԾՐԱԳԻՐ

Այն, ինչ այսօր տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի էթնոմշակութային, աշխարհայեացքային եւ հոգեւոր-գաղափարական ոլորտէն ներս, կարելի է դիտարկել՝ որպէս ազգային ինքնութեան կամ տեսակի ծրագրուած ոչնչացման գործընթաց:

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԵՒ ՕՐԻՆԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐԸ «ԿՈՎԵՐՈՒ ՊԱՐՏԷԶ»ԻՆ ՀԱՄԱՐ

Իսրայէլի «The Jerusalem Post» հեղինակաւոր օրաթերթին մէջ այսօր լոյս տեսած է ուշագրաւ յօդուած մը՝ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան դիմագրաւած առկայ հարցերուն շուրջ։ Նատաւ Թամիրի ստորագրութեամբ հրապարակուած է յօդուածը, որուն մէջ հրատապ կոչ կ՚ուղղուի Հին Քաղաքի Հայկական թաղամասի պաշտպանութեան համար։

ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱԺՈՂՈՎ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնի վարչամեքենայի եւ արտասահմանեան դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներու հաւաքը:
Դիլիջանի մէջ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ ծաւալուն խորհրդակցութիւն՝ Երեւանի որդեգրած առաջնահերթութիւններուն եւ դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն շուրջ:

ՀԱՃԵԼԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Տ. Վիգէն Արք. Այգազեանին հետ 22 օգոստոս 2024-ին կարճատեւ հանդիպում մը ունեցայ: Սրբազան հայրը փափաք յայտնեց երեկոյեան հանդիպիլ Երեւանի մէջ՝ մեզի ընկերակից ունենալով թերթիս երիտասարդ սիւնակագիրներէն Հրայր Տաղլեանը:

ԻՐԱՐՈՒ ԴԷՄ ԹՇՆԱՄԱԿԱՆ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԾՐԱԳՐԵՐ

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

Հայաստանի ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան անմենայն պարզութեամբ յայտարարեց՝ այն ինչ, որ բոլորը գիտէին, սակայն, չէին յանդգներ բացէ ի բաց ու բարձրաձայն յայտարարել։ Առանց Փութինի կանաչ լոյսին՝ Ատրպէյճան պիտի չհամարձակէր յարձակիլ Արցախի վրայ եւ 2020-ի 44-օրեայ պատերազմին չսկսէր։

Էջեր