ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ… ԳԱՂՏՆԻՔՆԵՐԸ
Մինչ կ՚ընթանայ Սթրազպուրկի դատավարութիւնը, «Հիւրրիյէթ»ի մէջ ուշագրաւ հարցազրոյց մը:
«Վաթան» կուսակցութեան ղեկավար Տողու Փերինչէք. «Եթէ հարցը թուրք-հայ կռիւի վերածէինք, ապա չէինք կրնար դատը շահիլ։ Ազգայնականները չէին կրնար արձանագրել այս յաջողութիւնը»:


Լեռնային Ղարաբաղի ճակատին վրայ լարուած մթնոլորտը կը մնայ առկայ։ Այս մթնոլորտին մէջ, վաստակաւոր զօրավար Արքատի Տէր-Թադէոսեան մեկնաբանութիւններով հանդէս եկաւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի եւ Լեռնային Ղարաբաղ-Ատրպէյճան շփման գծի վրայ առկայ լարուածութեան դրդապատճառներուն շուրջ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր պետական այցելութեամբ կը մեկնի Փեքին, ուր կը հիւրընկալուի Չինաստանի Նախագահ Սի Ծինփինի կողմէ։ Հայաստան-Չինաստան բարձր մակարդակի բանակցութիւններ տեղի կ՚ունենան Փեքինի մէջ, ուր նախատեսուած է նաեւ երկու երկիրներու միջեւ շարք մը ոլորտներէ ներս համագործակցութեան ամրապնդման ու զարգացման ուղղեալ փաստաթուղթերու ստորագրման արարողութիւն։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) 88-րդ ընդհանուր ժողովի նախապատրաստական աշխատանքները հասած են վերջին փուլին։ Հայաստանի մէջ 27 Մարտ-6 Ապրիլ թուականներուն պիտի գումարուի ՀԲԸՄ-ի ընդհանուր ժողովը, որու ծրագիրը ընթացիկ քննարկումներուն առընթեր պիտի ընդգրկէ երկու կարեւոր ձեռնարկ։