ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ ԵՒ ՍՊԱՍՈՒՄ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին կողմէ դէպի Ուաշինկթըն կատարուած այցելութեան արձագանգները կը շարունակուին: Սերժ Սարգսեանի հարցազրոյցը «The Washington Post» հեղինակաւոր ամերիկեան թերթին. «ԱՄՆ պէտք է արժէքները վեր դասէ շահերէն»:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին կողմէ դէպի Ուաշինկթըն կատարուած այցելութեան արձագանգները կը շարունակուին: Սերժ Սարգսեանի հարցազրոյցը «The Washington Post» հեղինակաւոր ամերիկեան թերթին. «ԱՄՆ պէտք է արժէքները վեր դասէ շահերէն»:
Ուաշինկթընի աշխատանքային շփումները աւարտելէ վերջ, նոյնպէս աշխատանքային այցելութեամբ Մոսկուա մեկնած Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ մասնակցեցաւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան գագաթաժողովին։ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի տանտիրութեամբ կազմակերպուած Եւրոասիոյ գերագոյն տնտեսական խորհուրդի նիստին ընթացքին ան հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որու ընթացքին անհրաժեշտ համարեց Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան հետ համագործակցութեան աշխարհագրութեան ընդլայնումը։
Լեռնային Ղարաբաղի ճակատին վրայ բախումները կը շարունակուին, պատճառ դառնալով զոհերու։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Արցախի պաշտպանութեան բանակի հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան հերթապահութիւնը կատարելու ժամանակ, երէկ, ժամը 15.10-ին, մահացաւ հայկական կողմէն Յարութիւն Ղամբարեան (1995)։
Անգլիոյ մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններէն յաղթական դուրս եկաւ Պահպանողական կուսակցութիւնը։ Ընտրողներու շուրջ 65 տոկոսը մասնակցեցաւ քուէարկութեան, որու արդիւնքին Վարչապետ Տէյվիտ Քեմրընի կողմէ գլխաւորուած Պահպանողական կուսակցութիւնը ապահովեց՝ առանձինն իշխանութեան գլուխ գալու համար բաւարար երեսփոխանական աթոռները։
Ուաշինկթընի Ազգային մայր տաճարին մէջ արդարութեան ու խաղաղութեան համար աղօթք:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան անդրադարձաւ հայկական հարցին հանդէպ ԱՄՆ-ի վերաբերմունքին:
Հայաստանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ երէկ ստորագրուեցաւ առեւտուրի եւ ներդրումներու շրջանակային համաձայնագիր։ Ուաշինկթընի մէջ այս փաստաթուղթը ստորագրեցին Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան եւ ԱՄՆ-ի Առեւտուրի ներկայացուցիչի տեղակալ Տէն Մուլան։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ հիւրընկալեց ՃՀՓ-ի կողմէ երեսփոխանի թեկնածու առաջադրուած Սելինա Տողանը, որ փութացած էր քաղաքավարական այցելութիւն մը տալու եւ ստանալու իր օրհնութիւնը։
«Շեհիր» համալսարանի գրականութեան բաժանմունքը որպէս մագիստրոսական դասընթացք այս տարեշրջանին կ՚աւանդէ «Գրականութիւն եւ աղէտ» խորագրեալ դասընթացքը, որուն առանցքը կը կազմէ Մեծ Եղեռնին ընկալումն ու փոխանցումը գրականութեան միջոցով։ Դասընթացքը կը վարէ Մեհմէտ Ֆաթիհ Ուսլու, որու հրաւէրով երէկ դասախօսեց բանասէր ու ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբգիր Սեւան Տէյիրմենճեան՝ նիւթ ունենալով Յակոբ Օշականին գրականութիւնը։
Անգարայի մօտ Ատրպէյճանի դեսպան Ֆաիք Պաղըրով յայտարարեց, թէ TANAP-ի շրջագծով 2018 թուականին Ատրպէյճանի «Շահտենիզ 2» հանքի առաջին կազը Թուրքիոյ վրայով պիտի հոսի դէպի Եւրոպա։ «Միլլիյէթ» օրաթերթին տուած հարցազրոյցին մէջ դեսպանը շեշտած է, որ TANAP կը հանդիսանայ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ռազմավարական համագործակցութեան արդիւնքը։