ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ՈՒՔՐԱՅՆԱ
Հանրապետութեան Նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ, երէկ Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ Նախարարաց խորհուրդին նիստը։ Պէշթէփէի մէջ, Նախագահական պալատի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ժողովը, որ տեւեց ինն ժամ։ Կը հաղորդուի, որ քննարկումներու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան բնագաւառի հարցերը, ինչպէս նաեւ տնտեսութեան ընթացքը։



Իսրայէլի նախագահ Ռէուվէն Ռիվլին յառաջիկայ Ապրիլի 24-ին պիտի մասնակցի 2015-ի ոգեկոչումներուն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Երուսաղէմի Ս. Յարութեան տաճարին մէջ Ապրիլի 24-ին տեղի պիտի ունենայ հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակութեան ձօնուած աղօթք մը 1915-ի դէպքերու 100-րդ տարելիցին շրջագծով։
