ՓԱՅԼՈՒՆ ՀՈՐԻԶՈՆ
Եւրոմիութիւն-Հայաստան համագործակցութիւնը նոր հարթութեան մը վրայ պիտի դրուի համապատասխան իրաւական հիմքով՝ Արեւելեան գործընկերութեան շրջագծէն ներս:
Ռիկայի գագաթաժողովի աւարտին Ատրպէյճան մերժեց ստորագրել եզրափակիչ համատեղ յայտարարութիւնը՝ տարակարծութիւններ ունենալով Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ բանաձեւումներուն շուրջ:

Սերժ Սարգսեան. «Եւրոպական օրակարգը կը մնայ Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններու շարքին»:
Հայաստանի Հանրապետութեան աւագ դատախազը անդրադարձաւ Տողու Փերիչէքի գործին:
ՈՒԷՖԱ-ի նախագահ Միշէլ Փլաթինի երէկ միօրեայ այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։ Այս կարճատեւ շփումներուն շրջագծով ան հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի Ֆութպոլի դաշնակցութեան նախագահ Ռուբէն Հայրապետեանի կողմէ։ Փլաթինի յատուկ թռիչքով մը Երեւան մեկնեցաւ իր այս անպաշտօն այցելութեան համար։
Հայաստանի Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան նախընթաց օր Երեւանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ արժանթինահայ յայտնի գործարար ու բարերար Էտուարտօ Էրնէքեանի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, տեսակցութեան ընթացքին Յովիկ Աբրահամեան բարձր գնահատեց երկրի տնտեսութեան բնագաւառէն ներս Էրնէքեանի կողմէ ծաւալուած գործունէութիւնը։
Հայաստան կը ջանայ նոր ուղղութիւն մը տալ Եւրոմիութեան հետ իր համագործակցութեան: