ՄԻՇՏ ՏՆԱՅԻՆ ԿԱԼԱՆՔ
Մոսկուայի քաղաքային դատարանը օրինական նկատեց ռուսահայ գործարար Լեւոն Հայրապետեանի տնային կալանքի ժամկէտին երկարաձգումը։
Մոսկուայի քաղաքային դատարանը օրինական նկատեց ռուսահայ գործարար Լեւոն Հայրապետեանի տնային կալանքի ժամկէտին երկարաձգումը։
Վրաստանի խորհրդարանի նախկին նախագահ, «Միացեալ ժողովրդավարական շարժում» կուսակցութեան ղեկավար Նինօ Պուրճանածէ յայտարարեց, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները կը խառնուի իր երկրի ներքին գործերուն ու կը հովանաւորէ երկրի նախկին նախագահ Միխէյիլ Սահակաշվիլիի «Միացեալ ազգային շարժում» կուսակցութիւն։
Ճաբոն մասնագէտները այս տարի փափաք յայտնած են առաջին անգամ հայ մասնագէտներու հետ միասին պեղումներ իրականացնել Հայաստանի սահմաններէն ներս։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս պեղումները պիտի կատարուին Արարատեան դաշտավայրի եւ Արագածի նախալեռնային շրջաններուն մէջ։
Կարս քաղաքը հազարաւոր տարիներու անցեալով, բազմաթիւ քաղաքակրթութիւններու մշակութային հետքերով միշտ մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ զբօսաշրջութեան աշխարհէն ներս։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, յառաջիկայ շրջանին Եւրոմիութեան անդամ երկիրներուն մօտ թափ պիտի տրուի քաղաքի ծանօթացման ուղղեալ աշխատանքներուն՝ որպէսզի ան հիւրընկալէ աւելի բարձր թիւով եւրոպացի զբօսաշրջիկներ։
Ըստ Անկելա Մերքէլի, Արեւելեան գործընկերութիւնը ընդլայնման միջոց մը չէ Եւրոպական միութեան համար: «Կամ-կամ» սկզբունքը անընդունելի: Վերջին գագաթաժողովով յաջողութիւն արձանագրուեցաւ Պրիւքսէլի եւ նախկին Խորհրդային Միութեան երկիրներու յարաբերութիւններու զարգացման ճանապարհին:
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան յայտարարեց, որ ներկայիս Թուրքիոյ մէջ առկայ է ինքնութեան ճգնաժամ մը։ 2015-ի ոգեկոչման միջոցառումներու ընթացքին կապակցութեամբ Հրանոյշ Յակոբեան մեկնաբանութիւններով հանդէս եկաւ՝ անցեալ շաբաթավերջին Երեւանի մէջ սարքած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին։
Վիեննայի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Եւրոտեսիլ-2015» երգի համաեւրոպական մրցոյթը, որ այս տարի կազմակերպուեցաւ վաթսուներորդ անգամ եւ որուն մասնակցեցաւ նաեւ Աւստրալիան։ Ընդհանրապէս, այս երաժշտական տօնը հատեց իր եզրագիծը, իսկ այս տարուան դափներկիրը հանդիսացաւ Շուէտի ներկայացուցիչը՝ Մոնս Զելմերլեով։
«Եւրոտեսիլ 2015» մրցոյթը այսօր երեկոյեան տեղի կ՚ունենայ Վիեննայի մէջ։ Հայաստանի անունով մրցոյթին կը մասնակցի «Genealogy» խումբը, որ հանդէս կու գայ վեցերորդ կարգի վրայ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
«Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորումը ծանր մարտեր մղելէ ետք հասաւ Սուրիոյ մայրաքաղաքը՝ Դամասկոսէն 215 քմ. հիւսիս-արեւելք գտնուող Թատմոր (Փալմիրա) քաղաքի դռները: Թատմորը կամ Փալմիրան ԻՒՆԷՍՔՕ-ի կողմէ հաստատուած սուրիական պատմական քաղաքներու ցուցակին վեցերորդն է: