ԿՐԹԱԿԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐՄԱՆ ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐ
Երեւանի մէջ, «Խաչատուր Աբովեան» Հայաստանի Պետական մանկավարժական համալսարանի երդիքին տակ երէկ ապրուեցաւ հանդիսաւոր օր մը։ «Կրթութեան կառավարում» մասնագիտութեան մագիստրոսներու շրջանաւարտութեան հանդիսութեան առթիւ ապրուեցաւ մեծ խանդավառութիւն։

Հայաստանի կառավարութեան նախաձեռնութեամբ նախընթաց օր Երեւանի մէջ կազմակերպուեցաւ «Տնտեսական օրակարգ» խորագրեալ համաժողով մը, որու բացումին ելոյթով մը հանդէս եկաւ Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան։ Հեռուստալրագրող Արտակ Ալեքսանեանի հանդիսավարութեամբ տեղի ունեցած բացման նիստի միւս ատենախօսներն էին նախարարներ՝ Վաչէ Գաբրիէլեան եւ Կարէն Ճշմարիտեան։
Հայաստանի կառավարութեան ջանքերով ճանապարհաշինութեան աշխատանքները կանոնաւոր թափով կը շարունակուին ամբողջ երկրէն ներս։ Այս շրջագծով կա՛մ կը վերանորոգուին գոյութիւն ունեցող ճանապարհները եւ կամ կը կառուցուին նորերը։
