Երկուշաբթի 5, Մայիս 2025
ԴԱՏԵՐՈՒ ՄԻԱՑՈՒՄ
«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքի դէմ գործուած մահափորձին դատավարութեան շրջագծով պատրաստուած երկու թղթածրարները միացուեցան։ Իսթանպուլի 14-րդ Ծանր պատժական ատեանը որոշեց Իսթանպուլի 5-րդ ծանր պատժական ատեանին կողմէ յառաջ տարուած դատը միացնել բուն դատավարութեան։ Դատակազմը որոշեց ընկալել այդ ամբաստանագիրը եւ այսպէսով միացուեցան երկու թղթածրարները, որոնց երկրորդը կը վերաբերի հանրային պաշտօնեաներու պատասխանատուութեան բաժնին։
Բուն դատին միացուած նոր ամբաստանագիրը կ՚ընդգրկէ քսանվեց մեղադրեալներու անունը, որոնց կարգին կը գտուին մօտաւոր անցեալին կարեւոր առաքելութիւն ստանձնած շարք մը յայտնի պաշտօնատարներ։
Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 16, 2015