Լրահոս

ԴԻԼԻՋԱՆԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԿՐԹՕՃԱԽՆԵՐՈՒ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎ

Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Քրիս­տո­նէա­կան դաս­տիա­րա­կու­թեան կեդ­րո­նը վեր­ջերս Դի­լի­ջա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պեց կի­րակ­նօ­րեայ կրթօ­ճախ­նե­րու ու­սու­ցիչ­նե­րու հա­մա­ժո­ղով մը։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ վե­րա­պատ­րաս­տա­կան ծրագ­րի մը բնոյ­թը կը կրէր այս մէ­կը։

ՎԼԱՏԻՄԻՐ ՓՈՒԹԻՆԻ ՆՈՐ ԶԷՆՔԸ, ՈՐ ԿԸ ԿՈՉՈՒԻ ՊՐԻՔՍ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ա­րեւ­մուտ­քի կա­տա­րած բո­լոր սեղ­մում­նե­րուն դի­մաց Ռու­սաս­տան կը շա­րու­նա­կէ մնալ անդր­դուե­լի: Ան­ցեալ Դեկ­տեմ­բե­րին եր­կի­րը հա­րուա­ծած տնտե­սա­կան «շին­ծու» տագ­նա­պէն ետք Ռու­սաս­տա­նի նա­խա­գա­հը՝ Վլա­տի­միր Փու­թին տնտե­սա­կան տար­բեր ո­լորտ­նե­րու մէջ կա­րե­ւոր եւ ե­րե­ւե­լի բա­րե­նո­րոգ­ման ծրա­գր­­ե­րու զարկ տա­լով կրցաւ «ներծ­ծել» այդ տագ­նա­պի հե­տե­ւանք­նե­րը:
 

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԱՃԱԾ Է ԾՆԵԼԻՈՒԹԵԱՆ ԹԻՒԸ

Ե­րե­ւա­նի ծննդա­տու­նե­րուն մէջ տա­րո­ւան ա­ռա­ջին կի­սա­մեա­կին ար­ձա­նագ­րո­ւած ծնունդ­նե­րուն թի­ւը կը գե­րա­զան­ցէ նա­խորդ տա­րո­ւան նոյն ցու­ցա­նի­շը: «Ար­մէնփ­րէս» համաձայն, 2015-ի առաջին կի­սա­մեա­կին մայ­րա­քա­ղա­քին մէջ ծնունդ­նե­րուն թի­ւը նա­խորդ տա­րո­ւան նոյն ժա­մա­նա­կա­հա­տո­ւա­ծի ցու­ցա­նի­շը գե­րա­զան­ցած է 180-­ով:

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԳԱՄ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԵՑԱՒ ՓԱՐԱՓԼԱՆԱՅԻՆ ԹՌԻՉՔՆԵՐՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔ ՄԸ

Հա­յաս­տա­նի մէջ վեր­ջերս ա­ռա­ջին ան­գամ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ փա­րափ­լա­նա­յին թռիչք­նե­րու մի­ջազ­գա­յին մրցա­շարք մը։ Տե­ղա­ցի մաս­նա­կից­նե­րուն ա­ռըն­թեր ար­տա­սահ­մա­նէն բազ­մա­թիւ մար­զիկ­ներ ալ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին այս մրցա­շար­քին։

ԲՈՂՈՔԻ ՄԵԾ ՑՈՅՑԵՐ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԷՋ. ՄԻՇԷԼ ԱՈՒՆ ԿԸ ՓՈՐՁԷ ՆՈՐ ՕՐԱԿԱՐԳ ԹԵԼԱԴՐԵԼ

​ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Լի­բա­նա­նեան բա­նա­կի նախ­կին հրա­մա­նա­տար (1984-1988) զօ­րա­վար Մի­շէլ Աուն (80 տա­րե­կան) կը փոր­ձէ քա­ղա­քա­կան նոր օ­րա­կարգ թե­լադ­րել: Աու­նի հիմ­նադ­րած «Ազ­գա­յին ա­զատ հո­սանք» շար­ժու­մին ան­դամ­նե­րը նա­խըն­թաց Չո­րեք­շաբ­թի օ­րուը­նէ սկսեալ բո­ղո­քի հա­ւաք­ներ կը կա­տա­րեն Պէյ­րու­թի տար­բեր շրջան­նե­րուն մէջ:

ԼՈՆՏՈՆԻ «ԿՈԼՏՇՄԻՏ ՀՈԼԼ» ՊԱՆԴՈԿԻՆ ՄԷՋ ԱՆԳԼԻԱՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ԿՈՂՄԷ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ՝ Ի ՊԱՏԻՒ ԲԱԿՕ ՍԱՀԱԿԵԱՆԻՆ

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեան ա­ւար­տեց դէ­պի Անգ­լիա կա­տա­րած իր այ­ցե­լու­թիւնը։ Անգ­լիա­հայ հա­մայն­քը ու­ղե­ւո­րու­թեան վեր­ջին հանգրուա­նին ի­րեն ի պա­տիւ ճաշ­կե­րոյթ մը կազմա­կեր­պեց Լոն­տո­նի «Կոլտշ­միտ Հոլլ» դահ­լի­ճին մէջ։

Էջեր