ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԸ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Երեւանի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ Համահայկական երկրորդ երիտասարդներու համաժողովը՝ «Ապագայ» խորագրով։ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան, Ռուսաստանի Հայոց միութեան, Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկին եւ Նիժնի Նովոկորտի «Իմաստ» երիտասարդական ընկերակցութեան համատեղ նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ այս համաժողովը, որուն մասնակցեցան Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի հայկական երիտասարդական կազմակերպութիւններէն շուրջ եօթանասուն ղեկավարներ եւ աշխարհի տասն երկիրներէն ներկայացուցիչներ։
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Պաքու։ Նոր կառավարութեան ձեւաւորուելէն վերջ ան նախ այցելեց Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութիւն, իսկ այսօր ալ կ՚անցնի Ատրպէյճան՝ իր առաջին արտասահմանեան ուղեւորութեան առթիւ։
Թոփհանէի «Թիւթիւն տեփոսու»ի երդիքին տակ երէկ երեկոյեան կատարուեցաւ «Անձամբ կարգադրեցէք» խորագրեալ ցուցահանդէսի մը բացումը՝ 2015-ի ոգեկոչումներուն շրջագծով։ Պատմական ճշմարտութիւնները հանրային կարծիքի նկատառման յանձնելու եւ հասարակաց յիշողութիւն մը կերտելու նպատակները հետապնդած նախագծի մը հիման վրայ այս ցուցահանդէսը կազմակերպուած է «Պապիլ» միութեան կողմէ։
ԵԱՀԿ-ի անդամ եւ գործընկեր երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն 22-րդ ժողովը Պելկրատի մէջ:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ շփումներ ունեցաւ Տոհայի մէջ, ուր հիւրընկալուեցաւ Քաթարի էմիր Շէյխ Թամիմ Պին Համատ Էլ Սանիի կողմէ։ Երկու երկիրներուն միջեւ կազմակերպուած ռազմավարական բարձր կոմիտէի ժողովը գլխաւորեցին երկու ղեկավարները, որոնց ներկայութեամբ Թուրքիոյ եւ Քաթարի միջեւ ստորագրուեցան 16 նոր համաձայնագրեր։
Չեխիոյ Պատգամաւորներու պալատի նախագահ Եան Համաչէք երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ՝ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանի հրաւէրին ընդառաջ։ Հիւր խորհրդարանի նախագահը ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։
Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքը տեղեկացուց, թէ այս տարուան ընթացքին շուրջ 650 հազար ամերիկեան տոլար օժանդակութիւն տրամադրած է Լիբանանի հայկական վարժարաններուն, լիբանանահայ ուսանողներուն եւ համայնքի կրթական այլ նախաձեռնութիւններուն համար։
Էրտողան-Օպամա հանդիպումը Անգարայի դիրքը ամրապնդեց Մոսկուայի հետ լարուածութեան շրջագծով: