ԻԼՀԱՄ ԱԼԻԵՒԻ ՓԵՔԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ
Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւ վերջին օրերուն պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Փեքին՝ Չինաստանի Նախագահ Սի Ցինփինի հրաւէրին ընդառաջ։ Փեքինի մէջ Իլհամ Ալիեւ դիմաւորուեցաւ պետական արարողակարգով եւ հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։

«Արեւելք» կայքէջին վրայ կը կարդանք.-
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ Սահմանադրական ատեանին մօտ բացուած դատի արդիւնքին շուրջ սպասումը կը շարունակուի։ Սիսի երբեմնի մայր տաճարի եւ յարակից կաթողիկոսական համալիրի սեփականութեան իրաւունքի վերադարձի պահանջով բացուած է այս դատը եւ ըստ Անթիլիասի աղբիւրներուն կողմէ նախապէս կատարուած յայտարարութիւններուն՝ արդէն դատավճռի արձակման համար նախատեսուած ժամկէտը հասած է։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) կողմէ հովանաւորուած Հայկական համացանցային համալսարանի հիմնադիր ու տնօրէն Երուանդ Զօրեան այս Երկուշաբթի միօրեայ այցելութիւն մը պիտի տայ Իսթանպուլ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ շփումներ ունեցաւ Վիեննայի մէջ, ուր տեսակցեցաւ Աւստրիոյ Արտաքին գործոց նախարար Սեպասթիան Քուրցի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով նախարարները գոհունակութիւն յայտնեցին բարձր մակարդակով փոխադարձ յաճախակի այցելութիւններուն կապակցութեամբ եւ ընդգծեցին, թէ անոնք նոր լիցք կը հաղորդեն զանազան բնագաւառներէ ներս երկկողմանի համագործակցութեան զարգացման։