Լրահոս

«ՍՓԻՒՌՔ» ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԴՊՐՈՑԻ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ԱՊԱՐԱՆՔ

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած «Սփիւռք» ա­մառ­նա­յին դպրո­ցի մաս­նա­կից­նե­րը նա­խըն­թաց օր Ե­րե­ւա­նի մէջ այ­ցե­լե­ցին Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի ա­պա­րան­քը։ Այս առ­թիւ ա­նոնք հիւ­րըն­կա­լուե­ցան Նա­խա­գա­հա­կան աշ­խա­տա­կազ­մի հա­սա­րա­կու­թեան եւ տե­ղե­կա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու հետ կա­պե­րու վար­չու­թեան պետ Մե­րի Յա­րու­թիւ­նեա­նի կող­մէ։

ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԻՐԱՔԻ ՔՐԴԱԿԱՆ ԻՆՔՆԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱԳՐԱՒՈՐՄԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ՇՓՈՒՄՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան նա­խըն­թաց օր հիւ­րըն­կա­լեց Հիւ­սի­սա­յին Ի­րա­քի քրդա­կան ինք­նա­վա­րու­թեան ծրագ­րա­ւոր­ման նա­խա­րար Ա­լի Սին­տին, որ շփում­ներ ու­նե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Ող­ջու­նե­լով հիւ­րը՝ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան ար­տա­յայ­տեց այն հա­մո­զու­մը, թէ իր այ­ցե­լու­թիւ­նը նոր թափ մը պի­տի տայ Հա­յաս­տա­նի եւ Ի­րա­քի, մաս­նա­ւո­րա­պէս Ի­րա­քեան Քիւր­տիս­տա­նի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման։

ԲԱՐԵՓՈԽՄԱՆ ՈՐՈՆՈՒՄ

Ա­նուշ Թրուանց մե­զի կը տե­ղե­կաց­նէ Ե­րե­ւա­նէն.-

Մօտաւորապէս հարիւր տարիէ ի վեր քննարկումներու առարկայ են հայոց լեզուին ուղղագրութիւնը եւ երկու ճիւղերու խնդիրները:
«Արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի մերձեցման հարցերը» խորագրեալ համաժողովին շրջագծով ծաւալուն աշխատանք Երեւանի մէջ:

ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆԻ ՓԵՔԻՆ ԱՅՑԸ

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան Փե­քին կա­տա­րած պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեան շրջագ­ծով հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Չի­նաս­տա­նի Նա­խա­գահ Շի Ճին­փին­կի կող­մէ։ Էր­տո­ղան բարձր ա­րա­րո­ղա­կար­գով դի­մա­ւո­րուե­ցաւ եւ ու­նե­ցաւ բազ­մա­կող­մա­նի շփում­ներ։

ՕԼԱՆՏ ՓԱՐԻԶ ՀՐԱՒԻՐԵՑ ՌՈՒՀԱՆԻՆ

Ֆրան­սա­յի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Լո­րան Ֆա­պիուս ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցաւ Թեհ­րա­նի մէջ, ուր ըն­դու­նուե­ցաւ Ի­րա­նի Նա­խա­գահ Հա­սան Ռու­հա­նիի եւ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մու­համ­մէտ Ճե­ւատ Զա­րի­ֆի կող­մէ։ Այս առ­թիւ Լո­րան Ֆա­պիուս Հա­սան Ռու­հա­նիին փո­խան­ցեց Ֆրան­սա­յի Նա­խա­գահ Ֆրան­սուա Օ­լան­տի հրա­ւէ­րը՝ Փա­րիզ այ­ցե­լե­լու հա­մար։

ԱՐՏԱՀԵՐԹ ԼԱՐՈՒԱԾ ԺՈՂՈՎ

Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վը ե­րէկ ար­տա­հերթ նիստ մը գու­մա­րեց՝ ա­հա­բեկ­չու­թեան օ­րա­կար­գով։ Միօ­րեայ աշ­խա­տան­քը տե­ղի ու­նե­ցաւ ՃՀՓ­-ա­կան ե­րես­փո­խան Շա­ֆաք Փա­ւէ­յի նա­խա­գա­հու­թեամբ եւ ան­ցաւ բա­ւա­կան լա­րուած մթնո­լոր­տի մը մէջ։

ԱՐԱՐԱՏԻ ԳԱԳԱԹԸ ՆՈՒԱՃԱԾ ԾՈՎԱԿ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ ԱՐԺԱՆԱՑԱՒ ՀՐԱՆՈՅՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԻՆ

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան նա­խըն­թաց օր Ե­րե­ւա­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Լի­բա­նա­նի Սա­հա­կեան-Լե­ւոն-Մկրտի­չեան գո­լէ­ճի տնօ­րէն Նա­զօ Ճէ­րէ­ճեա­նը եւ ին­նե­րորդ դա­սա­րա­նի ա­շա­կեր­տու­հի­նե­րէն Ծո­վակ Քէօշ­կէ­րեա­նը։ Հարկ է նշել, որ այս ա­շա­կեր­տու­հին վեր­ջերս նուա­ճած էր Ա­րա­րա­տի գա­գա­թը։

ՃԱԿԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՀԱՐՑ

Ա­նուշ Թրուանց մե­զի կը տե­ղե­կաց­նէ Ե­րե­ւա­նէն.-

«Արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի մերձեցման խնդիրները» խորագրեալ երկօրեայ համաժողով Երեւանի մէջ:
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութիւնը առանցքային այս նիւթը քննարկելու նպատակով կը համախմբէ բազմաթիւ հեղինակաւոր մասնակիցներ: Առաջին անգամ կը փորձուի հայոց լեզուի երկու ճիւղերը իրարու մօտեցնել՝ ներկայ փոխադարձ ազդեցութիւններու պայմաններուն ներքեւ:

ՆԱԹՕ-Ի ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ԿՈՂՄԷ Ի ՆՊԱՍՏ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԲԱՑԱՅԱՅՏ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ՝ ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐԻՆ ՀԱՄԱՐ

​Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րը ե­րէկ շա­րու­նա­կե­ցին ի­րենց լայ­նա­ծա­ւալ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) եւ ՓՔՔ ա­հա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն դէմ։ Բա­նա­կը օ­րե­րէ ի վեր ծանր հա­րուած­ներ կը հասց­նէ ա­նոնց, ինչ որ ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն կը բնո­րո­շէ նաեւ երկ­րին օ­րա­կար­գը։

Էջեր