ՄՕՏԱԼՈՒՏ ԳԻՆԵՁՕՆ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ յառաջիկայ ամսուան սկիզբին քաղաքիս մէջ տեղի պիտի ունենայ պատմաբան ու կրթական մշակ Արմաւենի Միրօղլուի ուսումնասիրական երկին շնորհանդէսը։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ յառաջիկայ ամսուան սկիզբին քաղաքիս մէջ տեղի պիտի ունենայ պատմաբան ու կրթական մշակ Արմաւենի Միրօղլուի ուսումնասիրական երկին շնորհանդէսը։
Փութինի խօսքերով, ՀԱՊԿ-ի Երեւանի գագաթաժողովին ընթացքին քննարկուած է նաեւ ղարաբաղեան հարցը:
Ըստ ռուս նախագահի, շօշափուած են նախկին Սովետական միութեան երկիրներուն միջեւ առկայ լարուածութիւնները եւ իրենց համար կարեւոր չէ, թէ այս կամ այն նախկին խորհրդային հանրապետութիւնը ՀԱՊԿ-ի անդամ է կամ ոչ:
Հայաստանի համալսարաններուն մէջ Հոկտեմբերի 1-էն սկսեալ ուսումառութիւն սկսած է 550 սփիւռքահայ եւ 420 օտար ուսանող: Ըստ «Արմէնփրէս»ի, այս մասին յայտնած է Հայաստանի Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան արտաքին կապերու եւ սփիւռքի վարչութեան պետ Արթուր Ղազարեան՝ նշելով, որ Հայաստանի միջին մասնագիտական հաստատութիւններ դիմած է 70 սփիւռքահայ:
Սուրիոյ ճգնաժամին շուրջ այսօր շատ կարեւոր հանդիպում մը տեղի կ՚ունենայ Լոզանի մէջ:
Միջազգային հանրութիւնը զուգահեռաբար կը հետեւի նաեւ Մուսուլի ազատագրման ուղղեալ վարկածներուն:
ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու ղեկավարներուն գագաթաժողովը երէկ տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ:
Ըստ Լաւրովի, Թուրքիա կրնայ դրական դեր մը խաղալ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ:
Անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմեկերպութիւնը երէկ նոր յարձակումներով ցաւ յառաջացուց բովանդակ Թուրքիոյ մէջ։ Մարտինի եւ Հաքքեարիի մէջ պատահած դէպքերուն հետեւանքով չորս զինուոր նահատակուեցաւ։
Ամերիկահայ բանաստեղծ Փիթըր Պալաքեան, որ այս տարի «Փուլիցըր»ի մրցանակին արժանացաւ բանաստեղծութեան անունակարգին մէջ, արդէն ստացաւ իր պարգեւը։ «Օզոնային օրացոյց» բանաստեղծական ժողովածոյով այս մրցանակին արժանի դասուեցաւ Փիթըր Պալաքեան, որ դարձաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ամենահին եւ հեղինակաւոր գրական-լրագրական մրցանակի դափնեկիրը։
Ֆրանսայի Ծերակոյտը երէկ հաւանութիւն տուաւ բանաձեւի մը, որու հիման վրայ պիտի քրէականացուի ցեղասպանութեան վերաբերեալ հայոց տեսակէտներու ժխտումը։ Ժխտողական օրէնքի նախագիծը Ֆրանսայի Ծերակոյտէն ներս երէկ ընդունուեցաւ 156 կողմ եւ 146 դէմ քուէներու յարաբերակցութեամբ։
Երեւանի մօտ Ֆրանսայի նախկին դեսպան Անրի Քիւնի վերջերս հրատարակեց գիրք մը, որ լոյս տեսած է «Սիժեստ» հրատարակչութենէն։ «Հայաստան. ժողովուրդի մը ոգին» խորագրեալ այս գիրքին համար վերջերս Երեւանի մէջ կազմակերպուեցաւ շնորհանդէս մը։