ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԶԲՕՍԱՇՐՋԱՅԻՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎ
Երեւանի մէջ Հոկտեմբերի 28-ին տեղի պիտի ունենայ «Ուելքամ թու Արմինիա» խորագրով զբօսաշրջային համաժողովը՝ կազմակերպութեամբ «Պիզնըս փարթնըրզ աֆ Արմինիա (Պի. Փի. Էյ.)» ընկերութեան: Ինչպէս «Արմէնփրէս»ի մամլոյ սրահին մէջ հրաւիրուած ասուլիսին նշեց «Ուելքամ թու Արմինիա» ծրագրի համակարգող Վրոյր Փենեսեան, համաժողովը բաղկացած պիտի ըլլայ երկու մասէ:
Թուրք զինեալ ուժերը երէկ ռմբակոծումներ կատարեցին Հիւսիսային Իրաքի մէջ։ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան աղբիւրներու հաղորդումներով, թրքական ռազմաօդանաւերը Աւաշին-Պասեան շրջանէն ներս ազդու հարուածներ տուին անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան դէմ։
Երէկ, Երեւանի մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի ապարանքի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ յատկանշական հաւաքոյթ մը։
Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ ազգագրագէտ ու գեղանկարիչ Հրազդան Թոքմաճեանի «Գալէմքեարեաններ. Այնթապ, Դամասկոս, Հալէպ» խորագրեալ գրքին ցուցահանդէսը, որ կազմակերպուած էր Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ այցելութիւն մը տուաւ Հայստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեանին։