ԲԱՐԴ ՀԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հայաստան-Վրաստան առանցքը միշտ բանուկ՝ Հարաւային Կովկասի յարափոփոխ ու բախտորոշ իրադրութեան պայմաններով:
Երեւան եւ Թիֆլիզ կ՚ընդգծեն իրենց գործընկերութեան ռազմավարական բնոյթը՝ յստակօրէն շեշտելով զայն ընդլայնելու պատրաստակամութիւնը:
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Թուրքիա եւ Սէուտական Արաբիա անմիջական կապի մէջ տարածաշրջանային հրատապ խնդիրներուն շուրջ:
Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու (ԱՄԷ) արտաքին գործոց պետական նախարար Ահմէտ Սայէղի հետ։
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան այսօր կ՚այցելէ Ռիատ, ուր կը հիւրընկալուի Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պին Ֆարհան ալ Սուուտի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրները բանակցութիւններու օրակարգին շուրջ մանրամասնութիւններ չեն հրապարակած։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հիւրընկալեց Միջազգային խաղաղութեան «Քարնեկի» հիմնադրամի ներկայացուցիչները՝ յայտնի վերլուծաբան Թոմաս տը Վաալը, նախկին երեսփոխան Կարօ Փայլանն ու Եուճին Ռումէրը։
Երեւանի եւ Դամասկոսի ղեկավարութիւնները կը քննարկեն համագործակցութեան հնարաւորութիւնները:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է փորձառու լրագրող եւ վերլուծաբան Արմէն Դուլեան։ Շաբաթավերջին իր ինքնազգացողութիւնը յանկարծ ծայրայեղ ձեւով վատթարացած է բնակարանին մէջ եւ դժբախտաբար, կարելի չէ եղած կեանքը փրկել եւ 71 տարեկան հասակին կնքած է իր մահկանացուն։
Հայկական երաժշտութեան կենդանի առասպելներէն մաէսթրօ Տիգրան Մանսուրեան արդէն 85 տարեկան է։ Այս յոբելեանին առթիւ լոյս ընծայուած է «Տիգրան Մանսուրեան» մենագրութեան, որ նուիրուած է մեծանուն արուեստագէտի կեանքին ու գործունէութեան եւ որու հեղինակն է Աննա Արեւշատեան։
Երեւանի Պետական համալսարանի (ԵՊՀ) եւ ՄԱԿ-ի Բնակչութեան հիմնադրամի միջեւ երէկ ստորագրուեցաւ փոխըմբռնման յուշագիր։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, փաստաթուղթը ստորագրեցին ԵՊՀ-ի վերատեսուչ Յովհաննէս Յովհաննիսեան եւ յիշեալ հիմնադրամի Հայաստանի գրասենեակի ղեկավար Լուսինէ Սարգսեան։