ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Միքայէլ Ժանի հետ։ Տեսակցութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան գործադիր տնօրէնն ու քարտուղարութեան գլխաւոր պատասխանատուները։

Հայաստանի մէջ կը շարունակուի խստաշունչ ձմեռը։ Ինչպէս աշխարհի բազմաթիւ երկիրներուն մէջ, այնպէս ալ Հայաստանի պարագային այս տարուան ձմեռը յարաբերաբար աւելի խիստ է ու մանաւանդ՝ ձիւնն ալ առատ։

Նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ իր վարչակազմը յառաջիկային ինչպէ՞ս կրնան անդրադառնալ հայկական հարցին:
Հայ-ռուսական համագործակցութեան ընթացքը երէկ քննարկուեցաւ վարչապետներու մակարդակին վրայ:
Պաքու-Թիֆլիզ-Կարս երկաթուղիի շինարարութեան աշխատանքները գրեթէ աւարտած:
Եւրոպայի յառաջատար երկիրներէն ղեկավարներ յառաջիկայ օրերուն իրերայաջորդ պիտի այցելեն Թուրքիա։ Անգարայի ղեկավարութիւնը այս շաբաթավերջին պիտի հիւրընկալէ Անգլիոյ Վարչապետ Թերեզա Մէյը։