ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՄԷՋ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ
Վերջերս տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան ափի մշակութային ամենէն սպասուած ձեռնարկը՝ «Լոս Անճելըս արթ շոու»ն, որուն շրջագծին մէջ աշխարհի շուրջ տասնութ երկիրներու մասնակցութեամբ աւելի քան իննսուն պատկերասրահներ ներկայացուցին նկարչութեան, քանդակագործութեան, լուսանկարչութեան ժամանակակից, նաեւ դասական նմոյշներ:

Վլատիմիր Քազիմիրով «Նեզավիսիմայա Կազեթա»ին մէջ յօդուած մը գրի առաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին մասին:
Հանրապետութեան Նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ «Եփրատի վահան» գործողութիւններուն ծիրէն ներս պէտք է արագօրէն ակնկալուած արդիւնքին հասնիլ Էլ Պապի պարագային ու պէտք չէ այլեւս աւելի խորանալ։
Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի վեց անդամ, ներառեալ՝ 2016 թուականի Ողիմպիական խաղերու ախոյեան, 98 քկ. քաշային Արթուր Ալեքսանեան, Յունուարի 27-29 թուականներուն պիտի մասնակցին Ֆրանսայի մայրաքաղաքը՝ Փարիզի մէջ կայանալիք միջազգային մրցաշարքին:
UWC Dilijan Միջազգային դպրոցը, որ հիմնած է գործարար եւ բարերար Ռուբէն Վարդանեան, յայտնուած է Forbes-ի վարկանիշի լաւագոյն հնգեակի մէջ: Դպրոցը ներառուած է ռուս միլիառատէրներու մասնակցութեամբ ստեղծուած լաւագոյն դպրոցներու վարկանիշին մէջ, որուն կարելի է ծանօթանալ Forbes հրատարակութեան պաշտօնական կայքին մէջ:
Երեւանի մէջ երէկ սկսաւ «Ուժանիւթի շաբաթ 2017» խորագրեալ ձեռնարկներու շարքը՝ բազմակողմանի քննարկումներով: