Լրահոս

Էջմիածնէն Լմբատաւանք բերուած է Սուրբ Ստեփանոսի մասունքը

Ի նշան Լմբա­տա­ւան­քի «Սուրբ Ստե­փա­նոս նա­խավ­կա­յի» ե­կե­ղե­ցիի վե­րա­զար­թօն­քի, ար­դէն երկ­րորդ տա­րին է՝ Հոկ­տեմ­բե­րի ա­ռա­ջին շա­բա­թը կը նշուի Լմբա­տա­ւան­քի ուխ­տի օ­րը: Այդ օ­րը Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նէն Լմբա­տա­ւանք կը բե­րուի Սուրբ Ստե­փա­նո­սի մա­սուն­քը եւ կը մա­տու­ցուի Սուրբ Պա­տա­րագ։ Յա­ւարտ Սուրբ Պա­տա­րա­գի սուրբ մա­սուն­քով կը կա­տա­րուի Ան­դաս­տա­նի կարգ եւ մա­տա­ղի օրհ­նու­թիւն։

ՓՐՈՖ. Հուրի Պէրպէրեան՝ Ամպիոնի Վարիչ

Գա­լի­ֆոր­նիոյ հա­մալ­սա­րա­նի Ըր­վայ­նի մաս­նա­ճիւ­ղը կը տե­ղե­կաց­նէ, թէ Հու­րի Պէր­պէ­րեան միա­ցած է հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօ­սա­կան անձ­նա­կազ­մին, իբ­րեւ Հա­յա­գի­տա­կան ուս­մանց Մեղ­րու­նի ըն­տա­նի­քի նա­խա­գա­հա­կան ամ­պիո­նի վա­րիչ։

«ԹԻՒՐՔՈԼՈԿԵՆԹԱԿ 2016»

Թրքական եւ օսմանական ուսումնասիրութիւններու երկրորդ համաեւրոպական համաժողովը տեղի ունեցաւ Համպուրկի մէջ:
Գիտական հաւաքին զուգահեռ կազմակերպուած ցուցահանդէսի ալպոմին մէջ յատուկ անդրադարձ՝ հայոց ձեռագրերու աւանդութեան:

ՊՈՒՆՏԵՍԹԱԿԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ ՎԱՂԸ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԵՆ ԻՆՃԻՐԼԻՔԻ ԽԱՐԻՍԽԸ

Գեր­մա­նա­ցի խորհր­դա­րա­նա­կան­ներ վա­ղը պի­տի այ­ցե­լեն Ին­ճիր­լի­քի ռազ­մա­խա­րիս­խը։ Ան­գա­րա­յի մօտ Գեր­մա­նիոյ դես­պան Քունց ե­րէկ յայտ­նեց, որ Պուն­տես­թա­կի վեց ան­դամ­ներ վա­ղը պիտի այ­ցե­լեն Ին­ճիր­լիք։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԴԻՄԱԳԻԾԸ ԵՐԷԿ ԱՐԴԷՆ ՅՍՏԱԿԵՑԱՒ

Հա­յաս­տա­նի մէջ նոր կա­ռա­վա­րու­թեան ձե­ւա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցը Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի ե­րէ­կուան նշա­նա­կում­նե­րով գրե­թէ եզ­րա­փակուե­ցաւ։ Ե­րէ­կուան կար­գադ­րու­թիւն­նե­րը ոչ միայն յստա­կե­ցու­ցին նո­րան­շա­նակ վար­չա­պետ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեա­նի կող­մէ գլխա­ւո­րուած կա­ռա­վա­րու­թեան շարք մը ա­ռանց­քա­յին դէմ­քե­րը, այլ նաեւ վե­րա­ձե­ւա­ւո­րե­ցին բա­նա­կի վեր­նա­խա­ւը եւ ռազ­մա­վա­րա­կան նշա­նա­կու­թեամբ պե­տա­կան կա­ռոյց­նե­րու գլխա­ւոր դէմ­քե­րը։

ԱՐՏԱԿԱՐԳ ԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐԿԱՐԱՁԳՈՒԵՑԱՒ ԵՒՍ ԵՐԵՔ ԱՄԻՍՈՎ

Ե­րէկ, մայ­րա­քա­ղաք Ան­գա­րա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Նա­խա­րա­րաց խոր­հուր­դին ժո­ղո­վը։ Պեշ­թե­փէի պա­լա­տէն ներս կա­ռա­վա­րու­թեան նիս­տը գլխա­ւո­րեց Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խագահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան, ո­րու կող­քին էր նաեւ Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ։ Ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին ո­րո­շուե­ցաւ եւս ե­րեք ա­մի­սով եր­կա­րաձ­գել՝ երկ­րէն ներս հաս­տա­տուած ար­տա­կարգ դրու­թեան կի­րա­ռու­մը։

38-ՐԴ ՆՍՏԱՇՐՋԱՆԸ

ՄԱԿ-ի Զբօսաշրջութեան համաշխարհային կազմակերպութեան հետ կապակից երկիրներու հաւաքը:
Երեւանի մէջ ծաւալուած աշխատանքը նոր հորիզոններ կ՚ուրուագծէ Հայաստանէ ներս այս ոլորտի զարգացման առջեւ:

ՆՈՊԷԼԵԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿ ՃԱԲՈՆՑԻ ԳԻՏՆԱԿԱՆԻՆ

Ճա­բո­նէն յայտ­նի գիտ­նա­կան Եո­շի­նո­րի Օհ­սու­մի նուա­ճեց 2016 թուա­կա­նի Նո­պէ­լեան բժշկու­թեան մրցա­նա­կը։ 71-ա­մեայ գիտ­նա­կա­նը նպաս­տած է՝ որ­պէս­զի քաղց­կե­ղի եւ փար­քին­սո­նի նման հի­ւան­դու­թիւն­նե­րը ըմբռ­նուին ա­ւե­լի լաւ։

ՔԻՄ ՔԱՐՏԱՇԵԱՆ ԿՈՂՈՊՏՈՒԵՑԱՒ ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ

Ա­մե­րի­կա­հայ յայտ­նի հե­ռուս­տաաստղ Քիմ Քար­տա­շեան նա­խըն­թաց գի­շեր յար­ձակ­ման ու կո­ղո­պու­տի են­թար­կուե­ցաւ Փա­րի­զի մէջ, ուր կը գտնուէր մաս­նակ­ցե­լու հա­մար նո­րա­ձե­ւու­թեան շաբթուան։ Կէս գի­շե­րը անց, ոս­տի­կա­նա­կան տա­րա­զով անձ մը յա­ջո­ղե­ցաւ մուտք գոր­ծել Քիմ Քար­տա­շեա­նի ի­ջե­ւա­նած բնա­կա­րա­նը՝ չէզո­քաց­նե­լով պա­հա­կը։

Էջեր