Լրահոս
ՇԱՐԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐ. «ԵՍ ԵՐԿՈՒ ԵՐԿԻՐ ՈՒՆԻՄ. ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ՖՐԱՆՍԱ»
RFI միջազգային ֆրանսական ձայնասփիւռի կայանը հաղորդում պատրաստած է այն մասին, թէ Ֆրանսայի մէջ բնակող հայերը ո՞վ կ՚ուզեն տեսնել իբրեւ երկրի յաջորդ ղեկավար:
ՀԱԶԱՐԱՒՈՐՆԵՐ ԿԸ ՀԵՌԱՆԱՆ ՇՐՋԱՆԷՆ
Հիւսիսային Գալիֆորնիոյ մէջ աւելի քան 180 հազար մարդիկ հեռացուեցան իրենց տուներէն, երբ Միացեալ Նահանգներու ամենէն բարձր ամբարտակի յորդման ջրանցքը առատ անձրեւներուն պատճառով տկարացաւ:
ՏԱԹԵՒԻ ՄԷՋ ՆՈՐԱՊՍԱԿՆԵՐՈՒ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԳ
«Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» (IDeA) հիմնադրամի «Տաթեւի վերածնունդ» ծրագրի նախաձեռնութեամբ երրորդ տարին ըլլալով Տաթեւ համայնքին մէջ Տեառնընդառաջի տօնը առանձնայատուկ կերպով նշուած է:
«ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԳԻԾԷՆ ՇԵՂՈՒՄԸ ԱՆԸՆԴՈՒՆԵԼԻ Է»
Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի հրաժարականէն վերջ, համայնքային շրջանակներուն ուշադրութիւնը կեդրոնացած է մեր հոգեւորականաց դասուն վրայ։ Եկեղեցական հայրերուն միջեւ յառաջացած պառակտումը խոր մտահոգութիւն կը պատճառէ բոլորին։
ՆԱԽԱՐԱՐ ԵԴՈՒԱՐԴ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ՄԻՒՆԻԽ ԵՒ ՄՈՍԿՈՒԱ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան վաղը երկօրեայ այցելութիւն մը պիտի տայ Գերմանիա, ուր պիտի մասնակցի Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովին։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախատեսուած է նաեւ Եդուարդ Նալպանտեանի հանդիպումը ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ՝ քննարկելու համար Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի ներկայ փուլին եւ հեռանկարներուն վերաբերեալ հարցեր։
ՄՏԱՀՈԳԻՉ ՃԳՆԱԺԱՄ
Առկախեալ ընտրութիւնները թրքահայութեան կեանքը կը կաթուածահարեն՝ անկանխատեսելի հետեւանքներով ու մաշեցուցիչ վերիվայրումներով:
Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ մասնակցեցաւ VADİP-ի հերթական ժողովին: Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի կողմէ գլխաւորուած համայնքային վարիչները ուշադրութեամբ ունկնդրեցին արմատական քայլի պատճառներուն եւ հանդէս եկան շինիչ թելադրութիւններով մանաւանդ պաղարիւնութեան կոչով:
ԱՆԳԱՐԱՅԻ ԾՐԱԳԻՐԸ
Հանրապետութեան նախագահը շրջագայութիւն մը կ՚իրականացնէ դէպի Արաբական ծոցի երկիրներ:
Էրտողան. «Սուրիոյ ճգնաժամին շուրջ վերջին ամիսներուն տեղի ունեցան շրջադարձային իրադարձութիւններ»:
ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՒԱՔ
Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան փոխադրութեան ոլորտի լիազօր մարմիններու ղեկավարներուն ժողովը:
Խորհրդակցութեան մասնակից նախարարները հիւրընկալուեցան Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի կողմէ:
ՇԹԱՅՆՄԱՅԷՐ ՆԱԽԱԳԱՀ
Երէկ, Գերմանիոյ մէջ տեղի ունեցաւ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւն։ Այսպէս, նախագահ ընտրուեցաւ Ֆրանք Վալթէր Շթայնմայէր, որ իր առաջին ելոյթին մէջ կոչ ուղղեց ազատութեան ու ժողովրդավարութեան համար։
