ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ԻՐԱՒԱԲԱՆ ՃԷՄ ՍՈՖՈՒՕՂԼՈՒԻ ՀԵՏ
Սիսի երբեմնի կաթողիկոսարանի եւ յարակից համալիրի սեփականութեան իրաւունքի վերաձեռքբերման հարցին շուրջ Անթիլիասի կողմէ ձեռնարկուած աշխատանքները կը շարունակուին։ Թուրքիոյ արդարադատութեան համակարգէն ներս առնուած քայլերէն արդիւնք մը չստանալէ վերջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը հարցը տեղափոխած էր Եւրոպայի մարդու իրաւանց ատեան (ԵՄԻԱ)։
Ամէն ամիս Պեվըրլի Հիլզ քաղաքի, Միացեալ Նահանգներ, Առողջապահութեան եւ ապահովութեան յանձնաժողովը կը մեծարէ քաղաքէն կազմակերպութիւն մը կամ անձնաւորութիւն մը, որ յատկանշական ներդրում ունեցած է Պեվըրլի Հիլզի բնակչութեան առողջապահութեան եւ ապահովութեան բարելաւման ջանքերուն մէջ:
Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեան յայտարարեց, որ Երեւան ուշադրութեամբ կը հետեւի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի յարաբերութիւններուն մէջ ծայր տուած լարուածութեան եւ համապատասխան բոլոր զարգացումներուն։ Tert.am կայքէջի հարցման ի պատասխան Շաւարշ Քոչարեան ըսաւ.
Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեան յայտարարեց, որ երկրէն ներս տարածքային զարգացման անհամաչափութիւնները իր կառավարութեան կարեւորագոյն մարտահրաւէրներու շարքին կը գտնուին։ Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի կառավարութեան հերթական նիստը։
Հայաստանի եւ Վրաստանի ղեկավարութիւնները կը ձգտին արժեւորել իրենց բնորոշ ուժեղ կողմերն ու մրցակցային առաւելութիւնները:
Հայաստանի Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեանի բարձր հովանաւորութեամբ, Լեռնային Ղարաբաղի Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան եւ Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ, Շուշիի Ռէալական ուսումնարանի բացօթեայ տարածքէն ներս, յառաջիկայ Սեպտեմբերի 1-ին, տեղի պիտի ունենայ Հարօ Ստեփանեանի «Սասունցի Դաւիթ» հերոսական օփերայի համաշխարհային անդրանիկ ներկայացումը։
Բարձրագոյն զինուորական խորհուրդի երէկուան որոշումները վաւերացուեցան Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ: