ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՌԱՋԱՐԿԸ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ տեսակցեցաւ՝ իր գլխաւորած Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան կողմէ նախագահի թեկնածու առաջադրուած Արմէն Սարգսեանի հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Արմէն Սարգսեան հանդիպման ընթացքին Սերժ Սարգսեանին տեղեկացուց, որ ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի թեկնածու ըլլալու առաջարկը։
ՖԻՖԱ-ի աշխարհի ախոյենութեան բաժակը պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով գտնուեցաւ Հայաստանի մէջ:
Արհեստավարժ կռփամարտիկ, գերմիջին կարգի WBO-ի վարկածով աշխարհի նախկին ախոյեան Արթուր Աբրահամ յայտարարեց, որ իր յաջորդ մենամարտը պիտի կատարէ 28 Ապրիլին, հակառակ անոր որ իր մրցակիցին անունը ցարդ անորոշ է:
Հայաստանի Ֆութպոլի դաշնակցութիւնը հաղորդեց, որ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյենութեան եւ բաժակի մրցաշարքին գծով կատարուած են շարք մը փոփոխութիւններ:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան երէկ երեկոյեան ընդունեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Թիլըրսընը:
Թուրքիա եւ Գերմանիա պատրաստակամ են յաղթահարելու իրենց առկայ տարակարծութիւնները:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի թեկնածու Արմէն Սարգսեան կը շարունակէ ունենալ լայնախարիսխ հանդիպումներ եւ բազմակողմանի շփումներ՝ իր վերջնական որոշումը տալու սեմին։ Արմէն Սարգսեան ցայսօր տեսակցեցաւ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու, գիտական ու թեքնիկ յառաջատար կառոյցներու վարիչներու, մտաւորականներու, գեղարուեստական աշխարհէ դէմքերու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու պատասխանատուներու հետ։
Առողջապահութեան նախարար Ահմէտ Տեմիրճան վաղը Գումգաբուի մէջ պիտի մասնակցի նորոգ հանգուցեալ Փրոֆ. Յակոբ Կոթողեանի յուղարկաւորութեան։ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ նախատեսուած արարողութեան ժամանակ ան պիտի ներկայացնէ պետութիւնը եւ յանուն Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի պիտի փոխանցէ վշտակցութիւններ։