Թրքահայ կեանք
ԳՆԱԼԸԻ ՄԷՋ ԱՇԽԱՏԱՆՔ
Պէշիկթաշի քաղաքապետարանը ամրան եղանակի սկիզբին առթիւ աջակցութիւն ցոյց կու տայ մեր համայնքին:
Մուրատ Հազինետարի տնօրինութեամբ բարեկարգման ծրագրեր կ՚իրականացուին Պատրիարքարանի ամարանոցէն, Կազդուրման կայանէն եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն ներս՝ յառաջիկայ ամիսներու եռուզեռին պատրաստ ըլլալու առաջադրութեամբ:
ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԻՋՆԱԿԱՐԳԻ ԲԱԺՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒՆ ՀԱՆԴԷՍԸ
Էսաեան վարժարանի մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ միջնակարգի շրջանաւարտութեան հանդէսը։ Այս տարուան միջնակարգի ընթացաւարտները երեկոյթի ընթացքին առարկայ դարձան Էսաեանի ընտանիքի գուրգուրանքին եւ բոլորը անոնց յաջողութեան մաղթանքներ յղեցին՝ իրենց ապագայ կրթական կեանքին համար։
ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ԱՅՍ ՏԱՐՈՒԱՆ ՀՈՒՆՁՔԸ ՀՐԱԺԵՇՏ ԱՌԱՒ ՇՔԵՂ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆՈՎ ՄԸ
Գալֆաեան Տան ընտանիքը ոգեւոր հանդիսութիւնով մը հրաժեշտ տուաւ վարժարանի այս տարուան հունձքին։ Սկիւտարի սանուց միութեան մէջ տեղի ունեցած շրջանաւարտութեան հանդէսը համախմբեց Գալֆաեան ընտանիքին պատասխանատուները, այս տարուան ընթացաւարտներն ու իրենց ծնողները։
«ԱՌԱՋՆՈՐԴ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻ ՏԱՍՆԱՄԵԱԿԻՆ ՁՕՆՈՒԱԾ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅԹԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՆՑԱՒ
Շիշլիի «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Առաջնորդ» պարախումբին ելոյթը։ Պարուսոյց Նաթալին Պոզ-Եըլմազի կողմէ հիմնադրուած այս խումբին տարեկան ներկայացումները հաճելի առիթներու կը վերածուին գեղարուեստասէր հասարակութեան համար։
ՀՆՉԱԿԵԱՆ ՔՍԱՆ ԿԱԽԱՂԱՆՆԵՐԸ ԵՐԷԿ ՈԳԵԿՈՉՈՒԵՑԱՆ ԷՏԻՐՆԷԳԱԲՈՒԻ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏԱՆ ՄԷՋ
ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔ
Մխիթարեանի ընտանիքը երէկ մեծ ջերմութեամբ եւ անմիջականութեամբ հիւրընկալեց Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանի աշակերտութիւնը:
Տղաքը հաճելի ժամանց ունեցան Արման Քէօսէի գլխաւորութեամբ գործադրուած յայտագրով, նաեւ նուէրներ ստացան ձեռնարկի կազմակերպիչներուն կողմէ:
ՍԵԲԱՍՏԱՑԻՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ՀԱՒԱՔԱՏԵՂԻՆ
Սեբաստահայոց Հայրենակցական միութեան հաւաքատեղիի պաշտօնական բացման արարողութիւնը շաբաթավերջին արժանացաւ համայնքային շրջանակներու անմիջական ուշադրութեան։ Գուրթուլուշի մէջ շէնքի մը մուտքին հաստատուած է միութեան նոր հաւաքատեղին, որու պաշտօնական բացման ժամանակ ստեղծուեցաւ բարձր տրամադրութիւն։
ՊՈՄՈՆԹԻԻ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ ՀՐԱԺԵՇՏ ՏՈՒԱՒ ԻՐ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒՆ
Տարեվերջեան խանդավառութիւնը տիրեց նաեւ Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանին մէջ։ Այսպէս, առաջին դասարանի փոքրիկները խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ նշեցին Ընթերցման տօնը։
ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ՝ ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԱՆԱՐԱՏ ՅՂՈՒԹԻՒՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ
Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանի տարեվերջի հանդէսը եզրափակիչ հանգրուան մը հանդիսացաւ այս տարուան ուսումնակրթական գործունէութեան։ Օրուան յայտագիրը սկսաւ տնօրէն Շահին Չընարի բացման խօսքով, որ յորդորներ տուաւ տղոց եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց։