ԿԵՆՍՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆ
Պատրիարքարանի վարչամեքենան աստիճանաբար կը վերսկսի բանիլ լիարժէք ձեւով։ Շուրջ երեք ամսուան ընդհատումէ մը վերջ Գումգաբուի մէջ այս առաւօտ տեղի ունեցաւ Կրօնական ժողովի նիստ։
Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ երեկոյեան շուրջ երկու ժամ յապաղումով հասաւ քաղաքս, ուր Եշիլգիւղի «Աթաթիւրք» օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի եւ այլ ազգայիններու կողմէ։
Նորին Սրբազանութիւնը վաղը առաւօտ խորհրդակցութեան հրաւիրած է խումբ մը համայնքային գործիչներ։ Ան կը նախատեսէ փութով կազմել նախաձեռնարկ մարմին մը եւ թափ տալ պատրիարքական ընտրութեան նախապատրաստական աշխատանքներուն։