Թրքահայ կեանք

ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Կը տեղեկանանք, որ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբը յառաջիկայ օրերուն պիտի այցելէ Հայաստան։ Այս ուխտագնացութիւնը պիտի գլխաւորէ Դպրաց դասու նախագահ եւ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։

ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ

Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ։ Մօտաւոր անցեալի իրերայաջորդ տեղատարափներուն հետեւանքով վնասներ յառաջացած Վոսփորի Ասիական ափի մեր այս եկեղեցւոյ մէջ արարողութիւնները բարեբախտաբար չեն կաղար։

ԹԱՔՍԻՄ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻ ԱՄՐԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔՆԵՐՈՒ ԵԶՐԱՓԱԿԻՉ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆԸ

Թաքսիմ մարզակումբի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ֆութպոլի ամրան դասընթացքներու եզրափակիչ արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ։

ՓԱՌԱՇՈՒՔ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Կիպրոսի պատերազմին մասնակից 64-ամեայ Մուրատ Միհրան Իշլէրի հրաժեշտը՝ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ:
Յուղարկաւորութեան ներկայ գտնուեցան Իսթանպուլի կեդրոնի հրամանատար զօրավար Սատեթթին Ալփ Էրկին եւ Թուրք զինեալ ուժերու ներկայացուցիչներ:

ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ ՃԱՏՐԱԿԻ ԵՐԿՈՒ ՄՐՑԱՇԱՐՔ

Շիշլի մարզակումբի վարչութիւնը վերջերս Գնալը կղզիի մէջ կազմակերպեց ճատրակի երկու մրցաշարք։ Այս մրցաշարքերէն մին կազմակերպուեցաւ «Ճաշ» զբօսարանի սեփականատէր Տայք Միրիճանեանի հետ համագործակցութեամբ։

ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ

Շիշլի եւ Թաքսիմ մարզակումբներու համատեղ նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին Գնալը կղզիի լողաւազանի ակումբին մէջ կազմակերպուած ընթրիքը փայլուն անցաւ:
Ձեռնարկի հովանաւորն ու պատուոյ հիւրն էր Մուսթաֆա Սարըկիւլ, որուն յանձնուեցաւ յուշանուէր մը: Երեկոյթի ընթացքին գործադրուեցաւ երաժշտական ճոխ յայտագիր մը:

ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ԸՆԹՐԻՔ՝ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ

Երէկ երեկոյեան, Գնալը կղզիի «Թէոս» զբօսարանին մէջ ընթրիք մը սարքուեցաւ Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ։ Շուրջ 200 հոգի մասնակցեցաւ այս ընթրիքին, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ ոգեւոր մթնոլորտ։

Էջեր