ԶԷՔԻԵԱՆ ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌ ՎԻԵՆՆԱՅԻ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՀԵՏ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի թեկնածու Արմէն Սարգսեան անցեալ շաբթուան մէջ շփումներ ունեցաւ Վիեննայի մէջ, ուր այցելեց նաեւ Մխիթարեան միաբանութեան վանքը։ Միաբանութեան անդամներէն Հայր Վահան Յովակիմեան եւ Հայր Նարեկ Տատուրեան իրեն ուղեկցեցան՝ վանական ընդարձակ համալիրէն ներս կատարած շրջայցի ընթացքին։