ՍՐԲՈՑ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝ ՂԱԼԱԹԻՈՅ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ աւանդական շուքով նշեց Սրբոց Թարգմանչաց տօնը։ Քաղաքիս մէջ ալ տեղի ունեցան փայլուն տօնակատարութիւններ։ Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Ս. Թարգմանչաց տօնակատարութիւններուն հանդիսապետեց Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։
Պատրիարքական Աթոռը, 24 յունիսի ընտրութիւններուն ընդառաջ, Իսթանպուլի երեսփոխան, Տիարպաքըրէն երեսփոխանի թեկնածու առաջադրուած Տիար Կարօ Փայլանի կողմէ կատարուած յայտարարութիւններուն կը հետեւի ցաւով ու մտահոգութեամբ։ Զանազան լրատուամիջոցներու մօտ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արք. Աթէշեանի դէմ օգտագործուած որակումները, դժբախտաբար, կը ստեղծեն Աթոռոյս նկատմամբ յարգանքէ ու մեր համայնքի տեսակէտէ մարտահրաւէրի մը վերածուած ընտրութեան հարցին կապակցութեամբ պատասխանատուութեան գիտակցութենէ հեռու տպաւորութիւն մը։
SEV-ի նորընտիր վարչութեան մէջ ընդգրկուած են փորձառու համայնքային գործիչներ:
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան վերջերս այցելեց Կրետէ կղզի, Յունաստան։ Յառաջիկայ տարի պիտի նշուի տեղւոյն Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 350-ամեայ յոբելեանը։
Պոյաճըգիւղի Ս. Երից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցան տօնակատարութիւններ՝ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 182-րդ տարեդարձին առթիւ։ Հակառակ կատարուած յայտարարութեան, Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան առողջական պատճառներով չկրցաւ հանդիսապետել արարողութիւններուն։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու CHP-ի կողմէ Իսթանպուլի երեսփոխանական թեկնածու առաջադրուած դեսպան Իւնալ Չեւիքէօզը։ Ան քաղաքիս Բ. ընտրաշրջանէն կը ներկայանայ երեսփոխանի թեկնածու՝ շաբաթավերջի ընտրութիւններուն համար։
Երէկ երեկոյեան Էսաեան վարժարանի միջնակարգի բաժնի շրջանաւարտները հանդիսաւոր արարողութիւնով մը ստացան իրենց վկայականները։ Այս առթիւ կազմակերպուած երեկոյթը առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։ Էսաեանի 8-րդ դասարանէն այս տարի 13 աշակերտ վկայուեցաւ։
Գարակէօզեան Տան ընտանիքը երէկ խանդավառ երեկոյթ մը ապրեցաւ՝ հրաժեշտ տալով վարժարանի այս տարուան շրջանաւարտներուն։ Դպրոցի 2017-2018 տարեշրջանի կրթական շրջանի հունձքին համար կազմակերպուած էր փայլուն արարողութիւն մը, որու ընթացքին ջերմօրէն շրջապատուեցան այս տարուան 15 շրջանաւարտները։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի 2017-2018 կրթական շրջանի հունձքը հրաժեշտ առաւ փայլուն հանդէսով մը։ Գատըգիւղի ընտանիքին տեսակէտէ մեծ ոգեւորութեան առիթ հանդիսացաւ վկայականներու բաշխման հանդիսութիւնը։
Էսաեան վարժարանի մէջ 2017-2018 կրթական շրջանի վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ գրական հանդէս մը, որ ձօնուած էր անմահ բանաստեղծ Վահան Թէքէեանի ծննդեան 140-ամեակի յոբելեանին։ Լիսէի բաժնի աշակերտները մասնակցութիւն բերին յայտագրին, որով արժեւորուեցաւ Վահան Թէքէեանի կեանքն ու գործունէութիւնը։