ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԸ ՇԱՐԺՄԱՆ Կ՚ԱՆՑՆԻ ԱՂԷՏԻ ԳՕՏԻԻՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԱՊԱՀՈՎԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ երկրաշարժի ծանր հետեւանքներով պայմանաւորուած իրավիճակին մէջ համայնքային հրատապ խորհրդակցութիւն մը կազմակերպեց Գումգաբուի մէջ։ Այս ժողովին մասնակցեցան ընդհանրապէս Պատրիարքական Աթոռի ընկերային զօրակցութեան յանձնախումբի անդամները։
Թուրքիա կը սգայ բազմատասնեակ զոհերը: Հանրապետութեան Նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան զօրակցութիւն յայտնեց աղէտեալներուն: Փրկարարական աշխատանքներու համար զօրաշարժ:
Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մինաս Մեծատուր վերջին օրերուն անձնական առիթով մը այցելեց Մոսկուա։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Ճան Ուսթապաշըն, որ փութացած էր քաղաքավարական այցելութեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. Արքեպիսկոպոս Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Ռումելիհիսարի Ս. Սանդուխտ եկեղեցւոյ նորընտիր թաղային խորհուրդի անդամները։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Տ. Սարգիս Աւ. Քահանայ Գույումճեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Էյուպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ նորընտիր թաղային խորհուրդի անդամները։ Նորին Ամենապատուութիւնը ողջունեց հիւրերը ու շնորհաւորեց իրենց ընտրութիւնը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր ընդունեց Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ նորընտիր ծխական խորհուրդէն Ճէմ Չափարն ու Միսաք Հերկելը։ Ներկայ էր նաեւ Գաւառի հայ համայնքներու տեսուչ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Իսքենտէրունի Ս. Քառասնից Մանկանց եւ Քըրըքխանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիներու նորընտիր ծխական խորհուրդներու ներկայացուցիչները՝ Եուսուֆ Թապաշն ու Սապինա Թապաշը։
Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ընտրութեան համար նախատեսուած ժամանակացոյցը կը բանի՝ ըստ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց համայնքային վաքըֆներու ընտրութեան կանոնադրութեան տրամադրութիւններուն։