ՀՐԱԺԵՇՏԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան արդէն աւարտեց իր կեցութիւնը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս։ Ինչպէս ծանօթ է, հայր սուրբը վերջին քանի մը ամիսներէն ի վեր կը գտնուէր Նիւ Եորքի մէջ։
Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ վերջին ամիսներուն կը գտնուի Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս, արդէն դէպի այս ամսավերջ պիտի աւարտէ Նիւ Եորքի մէջ իր կեցութիւնը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ Գատըգիւղի Սուրբ Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Դատաւորի կիրակիի արարողութիւններուն։ Ս. Պատարագը մատոյց Հաթայի սուրբ եկեղեցեաց հոգեւոր հովիւ եւ գաւառի համայնքներու տեսուչ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան։ Արարողութեանց մասնակցեցաւ սուրբ եկեղեցւոյ երէց Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։
Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ երէկուան Ս. Պատարագին մասնակցութիւն բերին Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան սանուց միութեան վարչայիններն ու խումբ մը անդամ երիտասարդները։ Մեծ պահոց շրջանին տեղի ունեցաւ այս այցելութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի սանուց միութենէն ներկայացուցիչներ։
Կեսարիոյ ուխտագնացութիւնը երէկ առաւօտեան արարողութիւններով հասաւ իր գագաթնակէտին։ Քաղաքի պատմական Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ զանգերը առաւօտեան ժամերուն աւետեցին Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի ժամանումը։
Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Արեւագալի արարողութիւն, որուն նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Եկեղեցին լեցուած էր հաւատացեալներու խուռներամ բազմութեամբ։ Բոլորը հոգեզմայլ երգեցողութիւններուն հետեւեցան, նաեւ լսեցին Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի քարոզին։
«ԹԷՏ» Աթաքենթ քոլէճի տանտիրութեամբ Թուրքիոյ Մտախաղերու միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած Առաջին մտախաղերու մրցաշարքին մասնակցեցան տասնինն միջնակարգէ աշակերտներ։ Մասնակից աշակերտական խումբերը որպէս ուղեցոյց ունէին իրենց ուսուցիչ-ուսուցչուհիները։
Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, Մեծ պահոց Միջինքին առթիւ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, թաղի Տատեան վարժարանի ընթացաւարտ դասարանին համար: Արարողութեան մասնակցեցան նաեւ վարժարանի տնօրէնութեան գլխաւորութեամբ՝ ուսուցչաց կազմը:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, նախընթաց օր ընդունեց Կղզեաց նորընտիր թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ Լեւոն Շատեանի։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, նախընթաց օր ընդունեց Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Պերճ Գուզիքօղլուն, որ Պատրիարքարան փութացած էր Նորին Ամենապատուութեան ուշադրութեան յանձնելու Գուրուչէշմէի եկեղեցւոյ կացութիւնն ու ծրագիրները։