ՄՆԱՍ ԲԱՐԵԱՒ ՈՒՍՈՒՑՉՈՒԹԻՒՆ (Բ.)
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Աւելի քան 450 աշակերտ ունեցող եռայարկ դպրոցի պատուհանները կը նային դէպի պարտէզ: Մեծաւ մասամբ այս նոյն պարտէզին մէջ տեղի կ՚ունենան մարմնամարզութեան դասերը, որոնց աշակերտութիւնը կը սպասէ սրտատրոփ:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Աւելի քան 450 աշակերտ ունեցող եռայարկ դպրոցի պատուհանները կը նային դէպի պարտէզ: Մեծաւ մասամբ այս նոյն պարտէզին մէջ տեղի կ՚ունենան մարմնամարզութեան դասերը, որոնց աշակերտութիւնը կը սպասէ սրտատրոփ:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Աստուծոյ ողորմածութեամբ ու բարի կամքի շնորհիւ, թրքերէնի ուսուցիչի թափուր աշխատատեղիին համար, քանի մը թեկնածուներու մէջէն ընտրեցին զիս: 2022-2023 թուականներու ուսումնական տարեշրջանէն սկսեալ, Երեւանի աւագ դպրոցներուն՝ լիսէներուն մէջ, որպէս հիմնական առարկայ սկսան ուսուցանել թրքերէն ու ատրպէյճաներէն լեզուները:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Անցնող մէկ շաբաթը Հայաստանի մշակութային կեանքին մէջ յայտարարուած էր «Լիսիցեանական շաբաթ»:
Արուեստի շունչով յագեցած շաբաթը նուիրուած էր պարագիտութեան հայկական դպրոցի հիմնադիր, անուանի պարագէտ, ազգագրագէտ եւ արուեստաբան Սրբուհի Լիսիցեանի ծննդեան 130-ամեակին:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Փիլիսոփայութեան պատմութեան մէջ կարելի է հանդիպիլ գրեթէ բոլոր ժամանակաշրջաններու ընթացքին գրի առնուած յօդուածներու, հետեւեալ հարցման մասին. ի՞նչ է մարդը: Այնուամենայնիւ, այս յօդուածներու հիմնական առանցքը միշտ այդ հարցումը չէ կազմած:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
ԺԱՄԱՆԱԿ թերթի հիմնադիրներէն Քասիմ (Միսաք Գօչունեան) 1907 թուականին Պոլիս տպուած իր «Տունէն ներս» գիրքին մէջ առօրեայ կեանքի, մարդկային յարաբերութիւններու եւ կենսակերպի մասին հետաքրքրական բազում նիւթեր հեղինակած է: Գիրքին հրատարակիչը՝ Զ. Պէրպէրեան, ընծայաթերթին մէջ օրին գրած է, որ Քասիմ միակ գրողն է, որ ձեռնահասօրէն պրպտած, ուսումնասիրած է ամէն դասակարգի ընտանեկան, առեւտրական, ներքին կեանքը, եւ վէպերու, յօդուածներու, պատմութիւններու ձեւին տակ վերլուծած է բոլոր երեւոյթները կեանքին:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի կառավարութեան որոշմամբ չորսուկէս միլիոն հայկական դրամ ուղղուած է ծրագրի մը, ըստ որու պէտք է աշխատանքներ տարուին՝ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան նախնական ցանկին մէջ ընդգրկելու համար Հայաստանի Տիրինկատար լերան վրայ գտնուող վիշապաքարերը կամ ինչպէս յաճախ կ՚անուանուին ատոնք՝ վիշապները:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Կը շարունակենք մեր խորհրդածութիւնները Շէյքսփիրի մասին Թոլսթոյի քննադատութիւններուն առընչութեամբ։
Շէյքսփիր, որ մահացած է Թոլսթոյի ծնունդէն քանի մը դար առաջ, բնականաբար չկարողացաւ պատասխանել իրեն ուղղուած մեղադրանքներուն։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
2024 թուականին՝ ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի 100-ամեակին առթիւ, համաշխարհային շարժանկարային պաստառներու վրայ կը յայտնուի Ազնաւուրի մասին առաջին գեղարուեստական շարժանկարը՝ «Պարոն Ազնաւուր»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Այսօրուան ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են.
Իմաստութիւն Սողոմոնի գիրքէն 4.7-15:
Միքիայի մարագարէութենէն 7.7-10:
Գործք Առաքելոց 20.22-32:
Յովհաննէսի Աւետարանէն 10.11-16:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Բոլորիս ծանօթ է, թէ Ուիլիամ Շէյքսփիր ունի բազմաթիւ համակիրներ, բայց անոր աշխատանքը համընդհանուր գնահատականի չ՚արժանանար: Աւելի՛ն, կան նոյնքան յայտնի գրողներ, որոնք մարտահրաւէր ուղղած են կամ տակաւին կ՚ուղղեն անոր։