Ընկերա-մշակութային

«ԱՆԱՀԻՏ» ՀԱՆԴԷՍԸ՝ 125 ՏԱՐԵԿԱՆ

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

125 տարի առաջ Փարիզի մէջ պոլսահայ գրող, լրագրող եւ հասարակական գործիչ Արշակ Չօպանեան կը հիմնէ «Անահիտ» գրական գեղարուեստական ամսագիրը, որ իր ամուր տեղը կը գրաւէ հայ մամուլի պատմութեան մէջ: Օրին ըլլալով ընթերցուած ամսագիր մը՝ յետագային կը դառնայ հարուստ աղբիւր՝ ուսումնասիրողներուն համար:

ՆՈՐ ՇԱՌԱՒԻՂ ՄԸ՝ ՍԵԲԱՍՏԱՆՑԵԱՆՆԵՐ -Բ-

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Ինչպէ՞ս սկսաւ ամէն բան.
Իմ անունը հայ է, մականունը՝ եան, նախնական ազգանունը՝ Պապայեան:
Տակաւին դպրոցական տարիներուս զիս շատ կը հետաքրքրէր, թէ ինչ կը նշանակէ իմ մականունի «պապա» արմատը:

ՆՈՐ ՇԱՌԱՒԻՂ ՄԸ -Ա-

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Ինչպէ՞ս սկսաւ ամէն բան.
Իմ անունը հայ է, մականունը՝ «եան»:
Մականունը կամ ազգանունը՝ անձի մը տոհմական անուանումն է: Զայն կը տրուի ծնելէ կամ ամուսնանալէ ետք եւ կը փոխանցուի ժառանգաբար:

ՄԵԾՆ ՀՐԱՉԵԱՅ ԱՃԱՌԵԱՆԻ ՅՈՒՇԱՔԱՆԴԱԿԸ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒԱԾ՝ ՊՈԼՍԱՀԱՅԵՐՈՒ ՋԱՆՔԵՐՈՎ

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Եօթանասուն տարի առաջ՝ 1953 թուականի ապրիլին Երեւանի մէջ կեանքէն հեռացաւ մեծանուն հայ լեզուաբան, բառարանագիր, մեծ պոլսահայ գործիչ Հրաչեայ Աճառեան: Անոր յուղարկաւորեցին Երեւանի Կեդրոնական գերեզմանատունին մէջ, որ յայտնի է Թոխմախի գերեզմանոց անունով, եւ ուր նոյնպէս հայ մշակոյթի, արուեստի, գիտութեան շատ մեծեր կան յուղարկաւորուած, ինչպէս՝ Կոմիտասի անուան Պանթէոնին մէջ:

ԿԱՄՈՒՐՋ… -Զ-

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Կը շարունակենք մեր խորհրդածութիւնները կեանքի մէջ գոյութիւն ունեցող կապերու, կամուրջներու մասին։
Մենք ըսած ենք, որ մարդը կապուած է ուրիշներուն, բնութեան։ Բան մը յստակ է այն կապի մէջ, զոր ան կը հաստատէ իր եւ իր շրջապատի հետ:

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ՍԻՄԷՈՆ ԵՐԵՒԱՆՑԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ «ՋԱՄԲՌ»Ը՝ ՆՈՐՈՎԻ ՀԵՏԱՔՆՆՈՒԹԵԱՄԲ

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայ ականաւոր եկեղեցական եւ մշակութային գործիչ Սիմէոն Ա. Երեւանցիի գիտական ժառանգութեան մէջ առանձնայատուկ տեղ կը զբաղեցնէ անոր «Ջամբռ» պատմական աշխատութիւնը, որ քանի մը անգամ հրատարակուած է, թարգմանուած է անգլերէնի եւ ռուսերէնի, բայց վերջերս Երեւանի մէջ կրկին լոյս տեսաւ:

ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ԱՂՕԹՔԸ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Այսօր, մեր սիրելի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք լուսահոգի Արտաւազդ Արք. Թրթռեանին [այն օրերուն վարդապետ] մէկ խորհրդածութիւնը, որու մէջ լուսահոգի սրբազանը բացատրած է, թէ ի՞նչ է աղօթքը:

ԿԱՄՈՒՐՋ… -Ե-

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Կը շարունակենք մեր խորհրդածութիւնները կեանքի մէջ գոյութիւն ունեցող կապերու եւ կամուրջներու մասին։
Մարդկութիւնը բացի կամուրջներ հաստատելէ՝ այլ ելք չունի։ Կամուրջը մեզ աշխարհին կապող օղակն է։

ՎԱԹՍՈՒՆԱՄԵԱՅ ՆՈՒԻՐՈՒՄ, ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԲԵՐԿՐՈՒԹԻՒՆ

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Պոլսոյ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենադպիր, պոլսահայ կեանքի հանրածանօթ դեմքերէն Մկրտիչ Սէրթշիմշէք յաճախ կ՚այցելէ Հայաստան:

Էջեր