ՉԱՐԵՆՑ 118 ՏԱՐԵԿԱՆ

Երէկ, Երեւանի մէջ ոգեկոչուեցաւ հայ գրականութեան տիտաններէն Եղիշէ Չարենց։ Ամէն տարի Մարտի 13-ին կը նշուի Եղիշէ Չարենցի տարեդարձը։ Անցեալ իրերայաջորդ տարիները կարծես կ՚ամրապնդեն անոր դիրքը մեր գրականութեան երախտաշատ սպասաւորներու անդաստանէն ներս։





«Այրընթը» հրատարակչութիւնը «Ընդյատակեայ գրականութիւն» մատենաշարով հրատարակեց Հայաստանի գրականութեան երիտասարդ ու նոր հեղինակներէն Յովհաննէս Թէքկէօզեանի «Փախչող քաղաքը» (Kaçan Şehir) վէպը։ Այս ստեղծագործութիւնը շարժապատկերի վերացական պատում մըն է, ուր միահիւսուած են խորհրդաւորն ու քաղաքային կերպարները, պատկերելին ու ծիծաղելիի նուրբ անցումները։ Հերոսներու իւրօրինակ վարքագիծերը կը բացայայտուին հոգեբանական հարցազրոյցներու, շարժարուեստի հնարքներու, դիցաբանական պատումի եւ բջջային պատգամներու միջոցով
